ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի Մեկուսի Շրջանի Վարչութիւն
ՎԻԵՆՆԱ

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակուած մեր մեծերուն` Ռուբէն Սեւակին, Դանիէլ Վարուժանին եւ Սիամանթոյին կեանքին, վաստակին, գրական ժառանգութեան, կտակին ու պատգամներուն մօտէն ծանօթանալու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը արժանավայելօրէն նշելու համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի Մեկուսի շրջանի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց ոգեկոչական հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Վիեննայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքի սրահին մէջ, ներկայութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւին, ծնողներու եւ հանդիսականներու:
Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէ ետք, ոգեկոչական ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց քոյր Անի Պօղոսեան։ Ձեռնարկին ընթացքին, իւրաքանչիւր մտաւորականի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, մասնաճիւղին սկաուտները, մոկլիներէն ու գայլիկներէն մինչեւ խմբապետութիւն, խոր ապրումներով, ինքնավստահ եւ յուզումնախառն կերպով հանրութեան ներկայացուցին երեք նահատակներու գործերէն արձակ գրութիւններ եւ նշանաւոր բանաստեղծութիւններ:
Ձեռնարկի աւարտին, վարչութեան խօսքին մէջ, ատենադպիր եղբ. Գէորգ Յակոբճեան հաստատեց, որ այսօրուան ձեռնարկը փաստ մըն է, որ թուրքին հայաջինջ քաղաքականութիւնը անվերադարձ ձախողած է: Ան շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին մեր ունեցած գիտելիքներն ու իմացութիւնը հարստացնելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ բացատրեց, թէ առանց գիտնալու կարլի չէ յիշել, առանց լայն տեղեկութիւններ ունենալու կարելի չէ դատ մը պաշտպանել։ Ան նաեւ ըսաւ, որ Արեւմուտքի մէջ ապրելով մենք պէտք է մեր հայեացքները միշտ դէպի հայրենիք ուղղենք, անոր անվտանգութեան եւ անկախութեան պահպանման նպաստենք: Ան աւելցուց, որ այսօրուան ձեռնարկը կու գայ փաստելու, թէ նոր սերունդը անտարբեր չէ, կրնայ իր արմատներուն հետ հաղորդուիլ եւ արժանաբար պահանջատիրութեան ջահը ժառանգել, կը մնայ աւելի վստահութիւն ներշնչել նոր սերունդին եւ նպաստել անոր հայեցի առողջ դաստիարակութեան: Յակոբճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց նաեւ մեր պահանջատիրութիւնը շարունակելու եւ միշտ իրաւատէր մնալու անհրաժեշտութիւնը, մինչեւ մեզմէ խլուած բոլոր իրաւունքներուն վերադարձը իրենց իրաւատիրոջ:
Աւարտին, խօսք առաւ Վիեննայի հոգեւոր հովիւ Տէր Անտրիասը եւ նշեց, թէ անցած է լացի ու ողբի ժամանակը եւ հայը իր գործով ու բարքով կոչուած է ապրիլ՝ սիրելու, գոյատեւելու, պայքարելու եւ հայուն նկարագիրը աշխարհին ներկայացնելու համար:
Հուսկ, ոգեկոչական ձեռնարկը վերջ գտաւ մասնաճիւղի սկաուտ քոյր-եղբայրներու ազգային-հայրենասիրական երգերու կատարումով:

Տարածենք