ՀԱԼԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ-ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔ

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11.45-ին սկսաւ Հալէպի ազատագրութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով՝ Սուրիոյ խորհրդարանին երախտագիտութեան ժողովրդային երթը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչին, Բերիոյ Թեմի ազգային իշխանութեան, ազգային մարմիններուն, ՍՕԽ-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւններու եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, անդամներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, արի-արենոյշ, գայլիկ-արծուիկ միաւորներուն, ՍԵՄ-ի եւ Պատանեկան Միութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ մեծ թիւով հալէպահայերու։

Երթը սկսաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմացէն, ապա մասնակիցները կանգ առին «Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան» դիմաց, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը շարունակեց հնչեցնել ազգային-հայրենասիրական երգեր։ Երիտասարդներուն բարձրացուցած պաստառներուն վրայ արձանագրուած էին Սուրիոյ, բանակին եւ նախագահին զօրակցութեան խօսքեր, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպի ազատագրութեան առիթով քաղաքը ձեռք-ձեռքի տալով վերականգնելու կոչեր։

Այս առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը երթին ներկայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն ուղղելով իր խօսքը անդրադարձաւ վերջին շրջանին արձանագրուած յաղթանակներուն։ Առաջինը՝ Հալէպի ամբողջական ազատագրման, իսկ երկրորդը՝ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլին։

Ապա, Առաջնորդը անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հալէպի մէջ տեղի ունեցած տողանցքին եւ միջ-կրօնական հանդիսաւոր տօնախմբութեան, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ ան։

«Մեզի համար Սուրիոյ նախագահը միասնականութեան խորհրդանիշ է։ Իր ճիգով եւ սուրիական բանակին զոհողութեամբ Հալէպը ազատագրուեցաւ», ըսաւ Առաջնորդը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Սուրիոյ ամբողջ տարածքը ազատագրուի եւ երկիրը բոլորին մասնակցութեամբ վերականգնի եւ դառնայ աւելի հզօր, աւելի ուժեղ։

«Այս քայլարշաւը յաղթանակի քայլարշաւ է, ուրախութեան քայլարշաւ է եւ վերականգնումի երթին թափ տալու հաւաքական մեր կոչն է», եզրափակեց Առաջնորդը։

Երթը շարունակուեցաւ մինչեւ Ազիզիէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզ։

Տարածենք