ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-«ԱՐԱՐԱՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ
Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» մասնաճիւղի Ա. կարգի եռօրեայ սեմինարէն ետք, Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին, Գահիրէի արուարձաններէն Ալ Օպուրի մէջ ընթացք առաւ մասնաճիւղին եռօրեայ բանակումը, մասնակցութեամբ 45 սկաուտներու, Ա. կարգի դասընթացքին մասնակից քոյր-եղբայրներու եւ դասախօսական յատուկ կազմի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն եղբ. Արթիւր Մկրտչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանանէն քոյրեր Նարօտ Քէչէպաշեանի եւ Արզնի Արսլանեանի։
Բանակումը անցաւ միութենական խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Ամէնօրեայ յայտագիրը ընդգրկեց դրօշակի արարողութիւն, վրաններու քննութիւն, նախաճաշ, մարզանք, արշաւ եւ դասախօսութիւններ։
Արշաւին ընթացքին, Ա. կարգի թեկնածուները ստանձնեցին խարոյկի պատրաստութեան աշխատանքը։ Անոնք միասնաբար որոշեցին խարուկահանդէսին ընթացքը եւ ըստ այնմ կատարեցին փորձեր։ Ապա, բանակավայր վերադառնալով, անոնք ճաշեցին, հանգիստի կարճ դադար մը ունեցան, որմէ ետք հետեւեցան դասախօսութեան մը։ Գիշերը, խարոյկին շուրջ բոլորուած, բոլորը երգեցին ու պարեցին ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Կէս գիշերին, մասնաճիւղին պասքեթպոլի խումբէն հինգ եղբայրներ ,յարձակում մըե կատարեցին բանակավայրին վրայ, չարքաշ խաղի հաճելի փորձառութիւն մը ապրելով միասնաբար։
Բանակումին երկրորդ օրը սկսաւ սովորական յայտագիրով։ Գայլիկ-արծուիկները զբաղեցան ձեռային աշխատանքներու պատրաստութեամբ, իսկ արի-արենոյշները համախմբուեցան դասախօսութեան սրահը, ուր եղբ. Արթիւր Մկրտչեան ներկայացուց Արցախի քառօրեայ պատերազմը։ Այնուհետեւ, քոյրեր Նարօտ Քէչէպաշեան եւ Արզնի Արսլանեան նկարներով ներկայացուցին Արարատը նուաճելու իրենց փորձառութիւնը, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց բանակողներուն մօտ։
Կէսօրէ ետք, ծնողները ներկայացան բանակավայր, ուր տեղի ունեցան դրօշակի եւ խոստման արարողութիւններ։ Ա. կարգի հինգ թեկնածուներ՝ քոյրեր Կարին Կրպոյեան, Սանտրա Մունիր, Նաթալի Սրապեան, եղբայրներ Կարէն Թորոսեան եւ Աշոտ Քէօհնելեան ստացան Ա. կարգ։ Պահը հասաւ խարուկահանդէսի։ Սկաուտներուն աչքերը կը բոցկլտէին ուրախութենէն։ Անոնք սեփական ուժերով պատրաստած էին խարուկահանդէս մը եւ անհամբեր էին զայն իրենց ծնողներուն ներկայացնելու։ Խարուկահանդէսը անցաւ մեծ յաջողութեամբ եւ ծնողներ բանակավայրէն մեկնեցան գոհունակ տրամադրութիւններով։
Վերջին օրը, Կիրակի, 2 Փետրուարին, բանակավայրը կամաց-կամաց վերագտաւ իր նախկին տեսքը։ Վրանները եւ դրօշակի ձողերը վերցուեցան։ Ամէն ինչ հաւաքուեցաւ։ Մնացին միայն հաճելի եւ անմոռանալի յիշատակներ։