ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՈՅԻ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԿԱՄՔ» ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» Սկաուտական Խումբ
ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Մոնթէվիտէոյի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» սկաուտական խումբին տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ Յունուարին, Ֆլորեսթա շրջանի Իտալկօ գեղատեսիլ վայրը։
Սկաուտական պատասխանատուները մեծ թիւով քոյր-եղբայրներու համար ծրագրած էին աշխատանքի ձեւ մը, որով մասնակիցը նախ անհատապէս իր մէջ զարգացնէր սկաուտական հասկացողութիւնը եւ ապա՝ խմբային աշխատանքը, որուն նպատակն էր մօտէն ճանչնալ հայրենիքը, գիտնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւորութիւնը եւ եղբայր սկաուտին հետ լաւ վարուելու հրամայականը։
Իբրեւ միասնականութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշ, բոլոր բանակողներուն յանձնուեցան «Կամք» սկաուտական խումբին պաշտօնական շապիկները։ Առաջին շապիկը տրուեցաւ եղբ. Տանիէլ Ճուպէլեանին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետին։ Շապիկներ ստացան եղբ. Արամ Պարաքեան՝ Սկաուտական Խորհուրդի անդամ եւ քոյր Ալէքսիա Պարպարեան՝ Մոթէվիտէոյի մասնաճիւղի ատենապետուհի, որոնք բանակումին պաշտօնական բացման ներկայ գտնուեցան, սկաուտներու ընտանիքներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներու հետ միասին։
Բանակողներուն այցելեցին նաեւ մոկլիները, որոնց համար ստեղծուեցան ժամանցի յատուկ պահեր։
Բոլոր մասնակիցներուն եւ յատկապէս գայլիկներուն համար, որոնք նման բանակումի մը առաջին անգամ ըլլալով է որ ներկայ կ’ըլլային, մեծ փորձառութիւն էր։ Նշանակելի էր մասնաճիւղի սկաուտական տարբեր խմբաւորումներուն իրարու հետ աշխատիլը, անհատական բարեկամութիւններ ունենալէ բացի, իրենց առօրեայ կեանքէն հեռու, միասին ըլլալու եւ հաւաքաբար միեւնոյն յարկին տակ գործելու, իրարու օգնելու հրամայականը , ինչ որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւոր նպատակներէն մէկն է, անշուշտ իրենց ստացած գիտելիքներու կողքին։
Բանակումին փակման արարողութեան քաջալերական մրցանակներ յանձնուեցան լաւագոյն պահակութիւնը կատարած խումբին եւ լաւագոյն պահակին։ Յատուկ մրցանակներ ստացան սկաուտական իւրաքանչիւր խմբաւորումի լաւագոյն անդամը.- քոյրեր Մելինէ Այտինեան, Օրիանա Ահարոնեան, եղբայրներ Պրունօ Միչելիս Կիւլեան եւ Մարիօ Իւրէճեան։
Սկաուտական խումբի ղեկավարութեան կատարած աշխատանքը տուաւ իր արդիւնքը եւ ծրագրուածը հասաւ իր նպատակին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» խումբին համար իւրաքանչիւր բանակում կ’աւարտի փակելով էջ մը, որ նախորդ տարուան փորձառութենէն եւ ձեռքբերումէն աւելի բան մը կը ձգէ եւ նոր էջ մը կը բանայ, որպէսզի սկաուտական շարժումը շարունակէ աճիլ եւ զարգանալ՝ միշտ ձգտելով լաւագոյնին։