ՆՊԱՍՏԱԲԱՇԽՈՒՄ

 

Սուրբ Զատկուան տօնին նախօրեակին, Չորեքշաբթի 8 եւ Հինգշաբթի 9 Ապրիլին, Լիբանանի հայահոծ շրջաններուն մէջ ընթացք առին ՀՄԸՄ-ի կողմէ նպաստաբաշխումի աշխատանքներ։

ՀՄԸՄ-ական ազնիւ բարերարի մը նուիրատուութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Քորոնայի Ճգնաժամային Շտապին հետ գործակցաբար սննդեղէնի 1000 տուփեր բաժնուեցան ընկերային անապահով ընտանիքներու՝ Զատկուան տօնական սեղաններ ունենալու իրաւունքէն եւ ուրախութենէն չզրկելու համար զանոնք։

Այս աշխատանքին իրականացման համար, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանէն կամաւորներ հաւաքուեցան Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի սրահը, դիմաւորեցին բեռնակառքերով ժամանած տուփերը, ՀՄԸՄ-ի եւ Շտապի գրութիւնները փակցուցին անոնց վրայ, ապա առանձին ինքնաշարժներով զանոնք բաժնեցին Շտապին կողմէ ճշդուած ընտանիքներու, որոնք անցնող շաբաթներուն նման օժանդակութիւններ չեն ստացած։

Նպաստաբաշխումի աշխատանքները ընդգրկեցին նաեւ Այնճարի եւ Զահլէի շրջանները։

Տարածենք