Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԵՍԹԵՐՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վեսթերոսի մասնաճիւղի վերականգնումի անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Թաժրայի, Սթոքհոլմի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Յովսէփ Համամճեանի, շրջանի կոմիտէի անդամ Սմբատ Գրիգորեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական 35 քոյր-եղբայրներու։

Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց քոյր Միրնա Սարգիսեան։ Ան ներկայացուց անդամական ժողովին նախապատրաստական աշխատանքները եւ ներկաները հրաւիրեց ընտրելու ժողովին դիւանը։ Ատենապետ ընտրուեցաւ եղբ. Աբիկ Պասմաճեան, ատենադպիր՝ եղբ. Աշոտ Լեւոնեան։ Ընթերցուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին լիազօրագիրը, որմէ ետք քաջալերական խօսքերով հանդէս եկան եղբ. Ֆէտի Թաժրա, Սմբատ Գրիգորեան եւ եղբ. Յովսէփ Համամճեան։

Յաջորդեց ժողովի աշխատանքային յանձնախումբերուն ընտրութիւնը. երեք յանձնախումբեր՝ բանաձեւի, նախահաշիւի եւ քուէախոյզ։

Ժողովը ընթացաւ միութենական առողջ մթնոլորտի մէջ։ Աւարտին, ընտրուեցաւ հինգ հոգինոց վարչութիւն մը, որուն մաս կազմեցին եղբ. Գաբրիէլ Պաթթուք, քոյր Ազնիւ Գույումճեան, եղբայրներ Յակոբ Գազանճեան, Յակոբ Չերչեան եւ Համբարձում Հազարեան։

Ժողովի ատենապետ եղբ. Աբիկ Պասմաճեան այս առիթով յիշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան փայլուն էջերը եւ յոյս յայտնեց, որ վերականգնող մասնաճիւղը իր նպաստը կը բերէ հայ կեանքի մարզական, սկաուտական եւ ազգային վերելքին։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Ֆէտի Թաժրա շնորհաւորեց մասնաճիւղին նորընտիր վարչութիւնը, բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային նպատակներուն ծառայելու քոյրերուն եւ եղբայրներու պատրաստակամութիւնը, նաեւ՝ հայերէն լեզուի գործածութեան հանդէպ ցուցաբերուած բծախնդրութիւնը։

Տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշի պաշտօնական յանձնում, որմէ ետք՝ երեկոյեան ժամը 6.45-ին, ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

 

Տարածենք