Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

 

Ուրբաթ, 10 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ միութեան Եւրոպայի շրջաններու ներկայացուցիչներու տեսաժողովը՝ քննարկելու համար Քորոնայի տագնապի օրերուն շրջաններուն իրավիճակը եւ ստեղծուած նոր պայմաններուն յարմարող առցանց գործունէութեան ծաւալման անհրաժեշտութիւնը։

Ժողովին արծարծուեցան նաեւ տագնապալի այս օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ աշխարհասփիւռ հայութեան ցուցաբերուած զանազան ձեւի օժանդակութիւնները։

Տեսաժողովին մասնակցեցան Եւրոպայի 12 շրջաններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներ եւ Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը անդամներ։

Յառաջիկայ օրերուն Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով նմանօրինակ ժողովներ պիտի կատարուին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկաներու շրջաններու ներկայացուցիչներուն համար։

Տարածենք