ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԻ  ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հրաւիրած առցանց տեսաժողովներու շարքին երկրորդը՝ միութեան ամերիկեան ցամաքամասի ներկայացուցիչներուն հետ, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան, մասնակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներու, Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը եղբայրներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններու ներկայացուցիչներու։

Ժողովին արծարծուեցան Քորոնայի համաճարակի օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծաւալած աշխատանքները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակի առցանց ոգեկոչման նախապատրաստութիւնները։

Տարածենք