ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ
Միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ իր տեսաժողովները շարունակելով, Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ժողով մըն ալ գումարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Ամմանի, Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ, Քուէյթի եւ Պաղտատի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ։ Տեսաժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները եւ Սուրիոյ ներկայացուցիչը։
Ինչպէս նախորդ տեսաժողովներուն, այս ժողովին եւս արծարծուեցաւ Քորոնայի համաճարակի օրերուն միութեան աշխատանքները ամէն գնով շարունակելու կարելիութիւնները եւ Ապրիլ 24-ին առցանց նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու անհրաժեշտութիւնը։
Նշենք, որ յառաջիկայ օրերուն նմանօրինակ ժողովներ պիտի գումարուին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրասիոյ եւ Աւստրալիոյ շրջաններու ներկայացուցիչներուն հետ։