ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆԻ

 

Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտներու պատուիրակութիւն մը, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Եւրոասիական տարածաշրջանի նախագահ եղբ. Բագրատ Եսայեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի մուտքին կանգնեցուած Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրին եւ ծաղիկներ մատուցեց անոր յիշատակին։

Շաւարշ Քրիսեան 24 Ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած եւ ապա սպաննուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռահվիրայ հիմնադիրն է, որ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ’արժանանայ նման յարգանքի։ Կիսանդրին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ կանգնեցուած է 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին նախօրեակին։

Տարածենք