Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԵՒՐԱՍԻՈՅ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը շարունակելով շրջաններու ներկայացուցիչներուն հետ իր տեսաժողովները, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան տեսաժողով մը գումարեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Եւրասիոյ տարածաշրջանի Վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Տեսաժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները, Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը եղբայրներ, Համաշխարհային Սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ․Բագրատ Եսայեան, ինչպէս նաեւ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի, Արցախի եւ Մոսկուայի վարչութիւններուն ներկայացուցիչները։
Տեսաժողովին հիմնական նիւթը Քորոնա ժահրին պատճառով ֆիզիքական հաւաքներու առկախումը եւ անոր փոխարէն առցանց աշխատանքներու փորձառութիւնն էր։ Ժողովին ընթացքին արծարծուեցաւ ներկայ պայմաններուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օժանդակութիւնը հայ կարիքաւոր ընտանիքներու, մանաւանդ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ։
Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գոհունակութիւնը փոխանցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով յիշեալ շրջաններուն կատարած գնահատելի աշխատանքին համար, նշելով որ միութեան «Կամաւոր բանակը» իր պարտականութիւնը կատարեց արժանաւոր կերպով, հայ իրականութեան եւ միջազգային ընտանիքին ցոյց տալով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սոսկ մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ՝ հայ ժողովուրդի տենչերով ապրող եւ անոր հաւաքական նպատակներուն ծառայող միութիւն մըն է։