Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը շրջաններու ներկայացուցիչներուն հետ իր տեսաժողովները եզրափակելով, Շաբաթ, 2 Մայիս 2020-ին երկու տեսաժողովներ գումարեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Թիֆլիսի Մեկուսի Վարչութեան ներկայացուցիչին հետ։
Տեսաժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները, Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը եղբայրներ, Համաշխարհային Սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ․Բագրատ Եսայեան, ինչպէս նաեւ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եւ Թիֆլիսի Մեկուսի Վարչութեան ներկայացուցիչը։
Տեսաժողովին հիմնական նիւթը Քորոնա ժահրին պատճառով յառաջացած կացութիւնն էր եւ մանաւանդ միութենական առցանց աշխատանքներու գործընթացը։ Ժողովին ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ եւ Թիֆլիսի դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ապագայի ծրագիրները։