ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՏՈՒՄԸ ՀԻՄՔ ՄԵՐ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները եւ ողջ հայութիւնը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնի 102-ամեակին առիթով:
Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի Մայիսեան յաղթանակներով կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հիմքը կազմեց հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահպանման եւ ազգային ինքնուրոյն արժէքներու գոյատեւման:
Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեան, իր գործնական մասնակցութիւնը բերելով հայոց պետականութեան ստեղծման, վճռակամ ներդրումով ապահովեց հայ ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքը:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, որ ծնունդ առաւ անկախութեան տարուան մէջ, հայ ժողովուրդի տագնապներուն ընդմէջէն, պատնէշի վրայ մնալով կը շարունակէ մինչեւ օրս հայ սերունդները կերտել ազգային արժէքներով:
Փա՜ռք ու պատի՛ւ հայ ժողովուրդին անկախութիւնը կերտող բոլոր հերոսներուն:
Շնորհաւոր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօն: