ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԻ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻ ՏՕՆԸ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 102-ամեակն է, 28 Մայիս 1918. փառապանծ թուական մը ողջ հայութեան համար, ազգային ճանաչումի եւ գոյատեւումի տօն:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ծնունդէն ամիսներ առաջ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն նոր շունչ ներշնչեց։
Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսական ճակատամարտերով հայ ժողովուրդը սեփական ուժով պարտութեան մատնեց թրքական ասպատակ զօրքերը եւ արժանաւորապէս, այլեւ հերոսական արեամբ նուաճեց ազատ, անկախ ու միացեալ ապրելու իր իրաւունքը, կրկին ոտքի կանգնեցաւ եւ կերտեց իր սեփական անկախ հայրենիքը, տէր կանգնելով իր լեզուին եւ մշակոյթին:
Մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի խօսքերը միշտ պիտի ղօղանչեն մեր մտքերուն՝ մէջ
«Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։
28 Մայիսի կոթողը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուս կենսանորոգ ուժն է։
Կեցցե՛ն 28 Մայիսի կերտիչները: