Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱԼԷՊԻ, ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԵՒ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

 

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութենէն ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ եղբ. Արտօ Փայասեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի։ Հոգեհանգիստին յաջորդեց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ կազմակերպուած տօնակատարութիւնը՝ Հայ Երիտասարդաց Միութեան կողմէ։

Զոյգ հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչները:

 

ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ի առաւօտուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութենէն ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ եղբ. Եղիա Քիլէճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Պատարագին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, մասնակցութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտներուն: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Մայիսեան հերոսամարտերու նահատակներու հոգիներուն համար:

  

ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 102-ամեակին եւ Մայիսեան փառահեղ յաղթանակներուն առիթով, Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պատարագ, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղի խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութեան, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներն ու շեփորախումբը տողանցեցին ներկաներուն հետ, ուղղուելով դէպի Ազգային Առաջնորդարան, որուն շրջափակին մէջ, նահատակներու յուշարձանին դիմաց, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, նուիրուած՝ Մայիսեան նահատակներու յիշատակին։ Արարողութիւնը աւարտին հասաւ մասնաճիւղին շեփորախումբի ազգասիրական եւ յեղափոխական շարք մը նուագներով ։

 

ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան 102-ամեակին եւ Մայիսեան յաղթանակներուն առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի սկաուտական միաւորէն կարգ մը քոյրեր եւ եղբայրներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Պատարագին, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութեան եւ այնուհետեւ՝ Մայիսեան հերոսամարտերու նահատակներու հոգիներուն համար եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին։

Տարածենք