Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱԼԷՊ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒՆ

 

Կիրակի, 7 Յունիս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտները վերադարձան Կիրակի օրերու իրենց ընթացիկ գործունէութեան, որ դադրած էր Մարտ ամիսէն ի վեր, Քորոնա ժահրին պատճառով։

Գործունէութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ, ներկայութեամբ 143 անդամներու։ Գործունէութեան աւարտին, մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յովիկ Հապէշեան քաջալերական նուէրներով գնահատեց հինգ քոյր-եղբայրներ, որոնք մասնակցած էին Սկաուտ. Խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած զարգացման մրցումին եւ տուած էին անսխալ պատասխաններ։

Տարածենք