Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

 

Քորոնայի համաճարակը ընկերա-տնտեսական բարդ կացութիւն ստեղծած է ինչպէս աշխարհի զանազան երկիրներուն, նաեւ՝ Մ. Նահանգներու մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ զանազան նախաձեռնութիւններով կը ջանան հասնիլ կարիքաւորներու օժանդակութեան։


Օժանդակութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը կու գայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Պոսթընի մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն, որուն անդամները գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են տագնապալի այս օրերուն փութալու ընկերային անապահով ընտանիքներու օժանդակութեան մարդասիրական գործին։

 

Տարածենք