ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ
29 Մայիս 2020-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի ակումբին մէջ, ազգային-յեղափոխական երգերով եւ ընթրիքի սեղանով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձը։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Երուսաղէմի մարմինի ներկայացուցիչ Սերոբ Սահակեան։