ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԱՅԼԻԿ-ԱՐԾՈՒԻԿ ԵՒ ՍԿԱՈՒՏ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

 

Կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնի «Կարպուշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գայլիկ-արծուիկ եւ սկաուտ միաւորներու ծնողներու հաւաք։

Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետուհի քոյր Ցոլինէ Պալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ գնահատեց բոլորը՝ Քորոնա ժահրի համաճարակի շրջանին բեղուն աշխատանք տանելուն համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ. Խորհուրդին, մասնաճիւղի խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերուն, ապա հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Վարդուկ Թուլումճեանը։

Խմբապետուհին նախ բարի գալուստ մաղթեց վարչութեան, Սկաուտ. Խորհուրդին եւ ծնողներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Քորոնա ժահրի համաճարակը չկարողացաւ դադրեցնել մեզ աշխատանքէ, ընդհակառակն աւելի աշխուժացուց քոյրերն ու եղբայրները՝ շնորհիւ խմբապետական կազմին եւ շատ սիրելի ծնողներու քաջալերանքին:

Քոյր Թուլումճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ քաղաքին վատ պայմաններուն մէջ կարելի եղաւ յաջողցնել 22 աշխատանքներ եւ արժանանալ Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ. Խորհուրդի գնահատանքին։ Քոյրը հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը պէտք է ապրի նոյն ոգիով, Հ.Մ.Ը.Մ.ականները պէտք է հաւաքուին նոյն դրօշին տակ եւ մարմինով ու հոգիով պատրաստուին ծառայելու նոյն իտէալին։ Ապա, ան ծնողներուն ծանօթացուց նորակազմ Սկաուտ. Խորհուրդի անդամները, անդրադարձաւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկ եւ սկաուտ միաւորներու թուային պատկերին, 2020 թուականի վեցամսեայ ծրագիրին եւ ամառնային ծրագիրներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ օրերուն։ Խմբապետուհին բարձր գնահատեց ծնողները, որոնք մեծ դեր ունէին «Տունը մնայ եւ պայքարէ Քորոնա ժահրին դէմ» խորագրեալ աշխատանքներու յաջողութեան մէջ։

Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ. Խորհուրդին կողմէ ստացուած գնահատագիրը։

Հեզասահ եւ հաճելի ժողով մը գումարուեցաւ: Եղան առաջարկներ, զորս Սկաուտ. Խորհուրդը պարտք կը զգայ գործադրելու յառաջիկային։

Աւարտին, խմբապետուհին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետութեան, մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտ. Խորհուրդին եւ ծնողներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերուն՝ իրագործելու իրենց բոլոր ծրագիրները։

Տարածենք