ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԻՐԱՔԱՀԱՅ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

 

Թղթակից
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Լոս Անճելըս բնակող իրաքահայ խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, վերջերս, ձեռնարկեցին համախմբում-խրախճանքի մը, Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղիին «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հիմնուած է 1949-ին եւ կը գործէ մինչեւ օրս: Իրաքի մնացեալ երկու մասնաճիւղերը՝ Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ, հիմնուած են 1960-ին: Անոնցմէ առաջինը արտակարգ պայմաններու պատճառով 2014-ին դադրած է գործելէ, իսկ երկրորդը կը շարունակէ գործել:
Իրաքահայ 60-է աւելի նախկին վարչականները մեծարելու եւ պատուելու համար, ձեռնարկին սկիզբը, իւրաքանչիւրին տրուեցաւ միութեան նշանակն ու «Բարձրացի՛ր- բարձրացուր» նշանաբանը՝ շալերու վրայ տպուած ձեւով:
Օրուան հանդիսավարներն էին իրաքահայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Հրաչ Յակոբեան եւ քոյր Մարալ Կարապետեան։ Ներկաները ողջունելով, անոնք պարզեցին հանդիպումին նպատակը՝ իրաքահայ գաղութը ծանօթացնել Լոս Անճելըսի հայութեան եւ քաջալերել իրաքահայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները եւ իրենց նորահաս զաւակները անդամակցելու եւ իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերելու միութեան տեղւոյն մասնաճիւղերու աշխատանքներուն:
Ձեռնարկին սկիզբը, մանուկներ եւ պատանիներ սրահ մուտք գործեցին «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք անոնք կատարեցին ասմունքներ եւ խմբերգներ:
Ձեռնարկին պատրաստութեան իր գնահատելի մասնակցութիւնը բերած էր երկարամեայ կրթական մշակ Շաքէ Ազիզեան։ Նուագով իր մասնակցութիւնը բերաւ միութեան յայտնի երաժիշտ եղբ. Րաֆֆի Նազարեան, իսկ եղբ. Նազար Օհանեան ձեռնարկին ամբողջ տեւողութեան անկիւն մը ցուցադրեց միութեան անցեալէն պատմական նկարներ։
Բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Սարկաւագ Կարապետեան։ Ան աղօթեց եւ ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու միութեան հանգուցեալ հիմնադիրներուն, վարչականներուն եւ անդամներուն յիշատակը։ Ապա, ան արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի սկաուտական շարքերուն մէջ իր սորված կանչերէն մէկը։
Յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Իրաքի շրջանին պատմականը ներկայացնող տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը, ինչ որ քաղցր յիշատակներ եւ յուզիչ պահեր ստեղծեց ներկաներուն մօտ՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին: Կատարուեցաւ պարգեւատրեալ 60 նախկին վարչականներու յիշատակումը անուն առ անուն:
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Իրաքի Սկաուտական Խորհուրդի նախկին անդամ տոքթ. Վեհունի Մինասեան խօսեցաւ միութեան երկար տարիներու հանգուցեալ նախագահ Օհաննէս Եսայեանի իրաքահայ մարմնամարզի պատմութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկ-մարզկուհիներու գիրքին հրատարակութեան ծրագիրին մասին: Ծրագիրը, դժբախտաբար, կիսատ մնացած է Եսայեանի մահուան պատճառով։ Այժմ աշխատանք պիտի տարուի զայն ամբողջացնելու եւ հրատարակելու համար:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ եղբայր Արամ Պէքերեան։ Ան յայտնեց միութեան Շրջանային Վարչութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնը ամէն գնով զօրավիգ կանգնելու զանազան երկիրներէ ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ քաջալերելու անոնց նորահաս զաւակները՝ անդամակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն:
Ձեռնարկին ազգային-հայրենասիրական երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին իրաքահայ երգիչներ Արա Սահակեան եւ Յակոբ Յովսէփեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արմէն Պապայեանի:
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք ներկաները մեկնեցան թարմացած յիշատակներով:
Տեղին է նշել, որ ձեռնարկին յաջողութեան իրենց բարոյական եւ նիւթական մասնակցութիւնը բերին տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Սեւան Մարգարեան, տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան, տէր եւ տիկ. Նազար եւ Սօսի Օհանեան, Վաղինակ Վահանեան եւ Վահէ Հայրիկեան:

Տարածենք