Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԸ
Շաբաթ, 11 Յուլիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Ալմելոյի եւ Նետըրլենտներու (Հոլանտայի) հայութեան համար, որովհետեւ այդ օր ձեւ ու մարմին ստացաւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղին տարիներու երազը՝ նոր կեդրոն մը ունենալու ծրագիրը։
11 Յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին կատարուեցաւ մասնաճիւղին նոր կեդրոնին հիմնարկէքը, ներկայութեամբ քաղաքի հոգեւոր հօր՝ Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Դաւիթ Միրզախանեանի, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեանի, ՀՕՄ-ի, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի եւ Պատանեկանի անդամներու, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալքմարի եւ Առնհեմի վարչականներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանի սկաուտներու, մարզիկներու եւ անդամներու։
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
«Մեր հայրենիք» քայլերգին կատարումէն ետք, ներկաները ողջունեց մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Մինաս Արսէնեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղին անցնող տարիներու ազգանուէր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ասէր վարչական կազմերուն եւ անդամներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին երազը իրականութիւն դարձնելու համար։
Եղբ. Արսէնեան ըսաւ, որ այսօր կը մեկնարկէ ծրագիր մը, որ 24 տարի առաջ ծնունդ առաւ մասնաճիւղին հիմնադրութեամբ։ Ծրագիրը հասունցաւ 6-7 տարի առաջ, երբ որոշուեցաւ մասնաճիւղը օժտել սեփական կեդրոնով։ Եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք, աշխատանք եւ քրտինք չխնայեցին եւ տեւաբար կանգնեցան մասնաճիւղին կողքին։ Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն փոխանցեց Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին, որուն ջանքերով հիմնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը։ Կոմիտէն 24 տարի լաւ եւ դժուար պահերուն կանգնեցաւ մասնաճիւղին կողքին եւ 6-7 տարի առաջ որդեգրեց այս ծրագիրին հովանաւորութիւնը՝ ներդրելով իր բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի ծրագիրը իրականանայ եւ իր աւարտին հասնի։ «Շնորհակալութիւն բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն ծրագիրին իրագործման մէջ յատուկ ներդրում ունեցող Ալմելոյի հայ առաքելական եկեղեցիին՝ ի դէմս իր հոգեւոր հայրերուն եւ վարչութեան», նշեց եղբ. Արսէնեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐԸ
Ապա, ատենապետ եղբ. Մինաս Արսէնեան ընթերցեց այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան յղած շնորհաւորագիրը, տրուած ըլլալով որ Քորոնայի համաճարակին պատճառով ճամբորդութիւնը եւ անձամբ ներկայութիւնը անկարելի դարձած էր Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն համար։
Շնորհաւորագիրը կը հաստատէր, որ «Տնտեսական ներկայ դժուարին օրերուն, եւ մանաւանդ Քորոնա ժահրի արտասովոր պայմաններուն մէջ, նոր կեդրոն շինել կը նշանակէ նոր յոյս ներշնչել, նոր ուղի ցոյց տալ մեր ժողովուրդին։ Նոր կեդրոն շինել կը նշանակէ նաեւ նոր փաստը տալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու աշխատասէր, շինարար եւ չյուսահատող կերպարին. ան որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ միշտ կը ձգտի լաւին ու լաւագոյնին, որպէսզի կարենայ առաւելագոյն չափով ծառայել իր նպատակին՝ նոր սերունդներու դաստիարակութեան գործին»։
Շնորհաւորագիրը նաեւ կը նշէր. «Երբ այս կեդրոնին հիմնարկէքը կը կատարէք, յիշեցէ՛ք, որ դուք անոր հիմերուն մէջ կը դնէք կտոր մը հաւատք մեր միութեան հիմնադիրներէն, բաժին մը նուիրում մեր միութեան վաստակաւորներէն եւ ափ մը քրտինք մեր բազմահազար անդամներու աշխատանքներէն»։
Այնուհետեւ, կեդրոնին ունենալիք դերին եւ կարեւորութեան անդրադառնալով, շնորհաւորագիրը նկատել կու տար, որ «Այս կեդրոնը միութենական եւ ժողովական բոլոր յարմարութիւններով օժտուած տուն մը պիտի ըլլայ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։ Տուն մը, ուր բոլորը պիտի ապրին եւ գործեն հարազատ մէկ ընտանիքի նման, կամաւոր աշխատանքի, զոհաբերութեան եւ իրարօգնութեան սկզբունքներով»։ Ան նաեւ կ’աւելցնէր, որ «Այս կեդրոնը միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի տունը պիտի չըլլայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը զինք ծնող ժողովուրդին հարազատ զաւակն է։ Հետեւաբար, այս տունը պիտի ըլլայ նաեւ ու մանաւա՛նդ ժողովուրդին տունը, որ պիտի լեցուի բոլորին շունչով եւ ամէնուն ներկայութեամբ։ Այլապէս, ի՞նչ արժէք ունի գեղեցիկ ակումբ ունենալ, եթէ ան պարապ պիտի մնայ։ Ի՞նչ օգուտ ունի սեփական ակումբ ունենալ, եթէ սեփականութեան զգացումով տէրը պիտի չկանգնինք անոր։ Նաեւ, ի՞նչ իմաստ ունի այդքա՜ն զոհողութիւն եւ նիւթական յանձնառութիւն, եթէ մեր ներկայութեամբ եւ գործունէութեամբ պիտի չարժեւորենք զայն»։
Շնորհաւորագիրը կը շեշտէր, որ «Այս կեդրոնը, ինչպէս միութեան աշխարհասփիւռ բոլոր կեդրոնները, կոչուած է ըլլալու սովորականէն տարբեր հաւաքավայր մը։ Այստեղ ջամբուելիք դաստիարակութիւնը պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական։ Այստեղ տրուելիք կրթութիւնը պիտի ըլլայ ազգային։ Այստեղ փոխանցուելիք շունչը պիտի ըլլայ հայրենասիրական։ Հետեւաբար, հոս յաճախողները պիտի ըլլան յատուկ նկարագիրի եւ դիմագիծի տէր միութենականներ, որոնք անպայման պիտի տարբերին ուրիշներէ։ Պիտի տարբերին միութենական իրենց կազմաւորումով, իրենց խօսքով ու գործով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը չի կրնար սովորական մարդոց պէս ըլլալ։ Եթէ ըլլայ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ակա՛ն չ’ըլլար»։
Եզրափակելով, շնորհաւորագիրը կը շնորհաւորէր իր հիմնադրութեան 25-ամեակին պատրաստուող Ալմելոյի շրջանը եւ այս հսկայ ու պատասխանատու գործը ղեկավարող մասնաճիւղին վարչութիւնը։ Ան նաեւ գնահատանքի իր խօսքը կը փոխանցէր կեդրոնի շինութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք որեւէ ձեւով իրենց օժանդակութիւնը չեն զլանար աշխատանքներու արագ եւ յաջող ընթացքին ապահովման համար»։
ՔԱՀԱՆԱՅ ՀՕՐ ԽՕՍՔՆ ՈՒ ԱՂՕԹՔԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորագիրին ընթերցումէն ետք, Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեան Ալմելոյի ծխական խորհուրդին անունով շնորհաւորեց ներկաները այս գեղեցիկ օրուան համար։ Ան ըսաւ, որ 24 տարի առաջ մասնաճիւղը հիմնողները այսօրուան տեսիլքը ունէին։ Տեսիլքով էր, որ 24 տարի առաջ, աւելի նուազ հայութեամբ հիմնուեցաւ այս մասնաճիւղը եւ հիմա, վստահաբար, դարձեա՛լ տեսիլք պիտի ունենանք, որպէսզի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորագիրին բառերով այս կեդրոնը դատարկ չմնայ, այսօրուան փոքրիկներուն զաւակներն ու թոռները ապագային օգտուին անկէ եւ կեդրոնը շրջանի հայութեան համար ունենայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն։
Իր խօսքէն ետք, Մաշտոց Քահանայ «Տէրունական» աղօթքով եւ յատուկ շարականներով օրհնեց նոր կառուցուելիք կեդրոնին հիմնաքարերը, հողն ու շինարարութիւնը։
ՀԻՄՆԱՔԱՐՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄԸ ԵՒ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԵՐԸ
Այս առիթով հոլանտերէն կարճ խօսք մը արտասանեց եղբ. Մասիս Պօղոսեան, որմէ ետք վարչութեան ատենապետ եղբ. Մինաս Արսէնեան «ի նշան Սուրբ գործին նոր սերունդին փոխանցման»՝ մասնաճիւղին կրտսերագոյն մոկլիին հետ կատարեց կեդրոնի առաջին հիմնաքարին տեղադրումը։ Մնացեալ չորս հիմնաքարերը զետեղեցին եւ իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին կեդրոնի շինարարական վարչութեան կողմէ եղբ. Փայլակ Աւետիսեան, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեան, հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան ներկայացուցիչ Օննիկ Կէլիճի (Աւետիսեան) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Դաւիթ Միրզախանեան։
Հիմնարկէքի հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։