ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ուրբաթ, 17 Յուլիսին կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը՝ օրակարգի վրայ ունենալով միութեան քառամեայ ծրագիրները Քորոնայի արտակարգ դրութեան պայմաններուն պատշաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Լիագումարին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի կառոյցին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին թելադրեց սերտել կարելիութիւնը սահմանային վնասուած գիւղերու պատանիներուն համար ամառնային ճամբար մը կազմակերպելու, յարգելով ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած բոլոր պայմանները։
Ապա, օրակարգի քննարկման կէտերուն անցնելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց Քորոնայի համաճարակի օրերուն միութեան կատարած աշխատանքներուն.-
ա. Ազգային մարմիններու կողքին՝ համայնքներու մէջ խնամատարական եւ նախազգուշական աշխատանքներու մասնակցութիւն։
բ. Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ 1400 ընտանիքներու նպաստաբաշխումի աշխատանքներու կազմակերպում։
գ. Միութենական առցանց աշխատանքներու իրականացում։
Կեդրոնական Վարչութիւնը նկատել տուաւ, որ ակմբային աշխատանքներուն առցանց հարթակին փոխադրութիւնը ծառայեց իր նպատակին, ապահովելով միութեան աշխատանքներուն շարունակակութիւնը եւ անդամներուն կապուածութիւնը՝ իրարու եւ ազգային-միութենական կեանքին։
Կեդրոնական Վարչութիւնը հաստատեց, որ առցանց աշխատանքները չեն կրնար ամբողջովին փոխարինել միութենական կազմակերպական աշխատանքները, սակայն մինչեւ արտակարգ իրավիճակի յաղթահարում՝ առցանց գործունէութիւնը կը հանդիսանայ աշխատանքի գլխաւոր միջոցը սկաուտական, մարզական եւ վարչական գործունէութեան համար։ Այս ուղղութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան յանձնախումբերը արդէն իսկ կը մշակեն յատուկ ծրագիրներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի բիւրեղանան երեք կարեւոր նախաձեռնութիւններով.-
- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական առցանց համագումար՝ 25 Յուլիս 2020-ին։ Համագումարը երեք հանգրուանով պիտի կատարուի առցանց հարթակով, իսկ պաշտօնական բացումը ուղղակի պիտի սփռուի միութեան դիմատետրի էջով։
- Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներու առցանց հանդիպում՝ 26 Յուլիս 2020-ին։ Համագումարը պիտի անդրադառնայ վերջին շրջանին միութեան վարչական աշխատանքներուն մէջ ներմուծուած արհեստագիտական նորութիւններուն եւ յառաջիկային զանոնք աւելի եւս կատարելագործելու ծրագիրներուն։
- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական պատասխանատուներու առցանց համագումար՝ Հոկտեմբեր 2020-ին։ Համագումարը պիտի ծառայէ մարզիչներու եւ մարզական պատասխանատուներու վերաորակաւորման աշխատանքին։
Կեդրոնական Վարչութիւնը այս առիթով սերտեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական խորհրդաժողովի եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպման կարելիութիւնները։ Ապա, քննեց աշխատանքային ծրագիրները 2019-2023 քառամեակին համար իր յառաջացուցած հետեւեալ յանձնախումբերուն եւ աշխատանքային խմբակներուն.- սկաուտական (Արարատեան կարգի, սկաուտական գիրքերու եւ առցանց ֆորումի ստեղծման խմբակներով), մարզական (համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու եւ առցանց խաղերու ծրագրաւորումի խմբակներով), կազմակերպական, քարոզչական, երիտասարդական, «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանի, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, տնտեսական եւ եկամտաբեր հիմնադրամի (Endowment Fund)։
Կեդրոնական Վարչութիւնը քննարկեց նաեւ միութեան աշխարհասփիւռ 111 մասնաճիւղերուն ներկայ իրավիճակը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական երեք նոր կեդրոններու ստեղծման քայլը՝ Փարիզի, Ալմելոյի եւ Արմաւիրի մէջ։ Ալմելոյի (Նետըրլէնտներ՝ Հոլանտա) եւ Արմաւիրի (Հայաստան) կեդրոններուն շինարարական կառուցումները ընթացք առած են արդէն, իսկ Փարիզի մարզաւանին աշխատանքները կը սկսին համաճարակի ալիքի մեղմացման հետ։
Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատեց միութենական երիտասարդական ուղեգիծի մը մշակման ճիգը, որ պիտի ծառայէ երիտասարդ տարրերու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ աւելի աշխոյժ ներկայութեան եւ գործունէութեան նոր մարզերու ծաւալման։
Առցանց լիագումարը նշեց, որ 2020-ը կը զուգադիպի միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան 40-ամեակին եւ, առ այդ, որոշեց 40-ամեակի յիշատակումները սկսիլ յառաջիկայ Հոկտեմբերին եւ երկարել մինչեւ 2021-ի Հոկտեմբեր, այս առիթով հրապարակելով թերթին ամբողջական հաւաքածոյին՝ 415 թիւերուն թուայնացած տարբերակը։ Լիագումարը նաեւ որոշեց շարունակել «Մարզիկ»ի բոլոր նիւթերը ներկայացնել միութեան կայքէջով, սակայն յանձնարարեց նաեւ պատրաստել թերթին հրատարակելի օրինակները։
Լիագումարը ընդգծեց նաեւ միութեան թանգարանը արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ 2022-ին՝ թանգարանին հիմնադրութեան 35-ամեակը պատշաճ կերպով նշելու գաղափաըը։
Վերջապէս, առցանց լիագումարը անդրադարձաւ Քորոնայի պատճառով համաշխարհային տնտեսութեան վատ պայմաններուն միութեան վրայ ունենալիք հետեւանքներուն եւ որոշեց ստեղծել տնտեսական յատուկ ֆոնտ մը, ըստ կարիքի եւ կարելիութեան՝ նեցուկ կանգնելու համար տագնապահար շրջաններու բնականոն գործունէութեան ապահովման։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ