ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՂԲ. ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

Վաստակաշատ եղբայր մըն ալ մեկնեցաւ անդարձ՝ իր ետին ձգելով գաղափարի «անկեղծ զինուոր»ի, հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի եւ ազնիւ մարդու բարի անուն եւ յիշատակ։ Մեկնողը այս անգամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն եղբ. Սարգիս Պասմաճեանն էր։

Եղբ. Սարգիս Պասմաճեան ծնած է 1937-ին, Դամասկոս։ Ան յաճախած է տեղւոյն Ազգ. Միացալ Վարժարանը։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ՝ հմտանալով ոսկերչութեան մէջ։

Եղբ. Սարգիս վեց տարեկանին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ եօթանասուն տարի կը ծառայէ անոր շարքերուն, իբրեւ գայլիկ, սկաուտ եւ շեփորախումբի անդամ։ Սկաուտական շարքերու մէջ եղբ. Սարգիս արժանաւորաբար կը տիրանայ սկաուտական աստիճաններու՝ հասնելով մինչեւ մասնաճիւղի փոխ խմբապետի աստիճանին։

Մարզական գետնի վրայ, եղբ. Սարգիս եղած է Դամասկոսի մասնաճիւղի հեծելարշաւի ախոյեան։ Եղած է նաեւ փայլուն պասքեթպոլիստ, նաեւ՝ մեծ ներդրում ունեցած է Դամասկոսի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբի կազմութեան մէջ։

Ազգասիրութեան զգացումը եղբայր Սարգիսին մէջ կը թրծուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատանեկան Միութիւններու շարքերուն մէջ։ Ան կ’ըլլայ հաւատաւոր Դաշնակցական, անձնուէր կուսակցական։ Մշակութային արժէքներու ջերմ պաշտպան մը հանդիսանալով, եղբ. Սարգիս կ’անդամակցի նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ շրջան մը մաս կը կազմէ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան։

Հետագային, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն կը ծառայէ իբրեւ Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ատենապետ եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ։

Աւելի քան կէս դար եղբ. Սարգիս իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Ներկայացուցչական բազմաթիւ ժողովներուն։ Բնաւորութեամբ ան հանդարտ, ժպտադէմ եւ համբերատար անձնաւորութիւն մըն էր։ Միութեան շահեըը անձնական շահերէն վեր դասելով եւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանը իր կեանքի ուղեցոյցը դարձնելով ան նուիրաբար կը գործէ եւ օրինակ կը հանդիսանայ նորահաս սերունդներուն։

Առ ի գնահատանք միութենական իր երկարամեայ ծառայութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 20 Դեկտեմբեր 1998-ին զայն կը պարգեւատրէ միութեան «Արտակարգ» շքանշանով։

Եղբ. Սարգիս Պասմաճեան կը մահանայ 31 Յուլիս 2020-ին, Դամասկոսի մէջ։

Տարածենք