Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՔԵՐՄԷՍԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի Մեկուսի Շրջանի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Վարդավառի տօնին քերմէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Յուլիս 2020-ին, Վիեննայի ասորի եկեղեցւոյ պատկան պարտէզին մէջ:

Համաճարակի պարտադրած երկարատեւ բացակայութենէն ետք, քերմէսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց համայնքին մէջ:

Համակիրներ եւ ծնողներ, երիտասարդներ ու պատանիներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրեր հաճելի ժամեր անցուցին՝ վայելելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական հարազատ մթնոլորտ, հայերէն երգեր ու խաղեր, ինչպէս նաեւ՝ համադամ ճաշեր:

Օդի աննպաստ պայմանները երբեք չխանգարեցին քերմէսին հեզասահ ընթացքը, որովհետեւ մասնաճիւղին աստիճանաւորական եւ սկաուտական կազմերը մեծ ոգեւորութեամբ, չընկրկող կամքով եւ միացեալ աշխատանքով յաջողեցան խաղերու տաղաւարները պատրաստել ե՛ւ սրահին մէջ (կարճատեւ ժամանակի մը համար) ե՛ւ ապա պարտէզին մէջ:

Ներկաներուն յատուկ գնահատանքին արժանացան ընկերային յանձնախումբին բծախնդիր եւ մաքուր աշխատանքն ու պատրաստած համադամ ուտելիքները:

Նշելի է, որ կազմակերպուած առաջին քերմէսին առիթով՝ ռատիոժամէն ուղիղ միացումով հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ հայկական «Կարապալա» նուագախումբին երգիչին հետ եւ սփռուեցան խումբին պատրաստած երգերէն:

Քերմէսին մեծապէս քաջալերելի էին ներկաներուն ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքերը եւ իրենց դէմքերուն վրայ արտայայտուած գոհունակ ժպիտը:

 

Տարածենք