ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՆԱՅ Հ.Մ.Ը.Մ.ԻՆ

 

 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Նետերլանտներու (Հոլանտայի) նորանշանակ դեսպան Նիկօ Սխերմերս, 28 Յուլիսին, Ալմելոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հոլանտահայ շարք մը միութիւններու, ընդ որում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի ներկայացուցիչին հետ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ եղբ. Րաֆֆի Թերզեան նորանշանակ դեսպանին ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը եւ ընդհանուր նպատակները՝ Նետերլանտներու եւ ի մասնաւորի Ալմելօ քաղաքին մէջ։ Եղբայրը նաեւ ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին կազմակերպական կառոյցը, նշելով որ «Հ.Մ.Ը.Մ. կը գտնէք ամէնուրեք, հոն ուր հայկական Սփիւռք կայ, բայց նաեւ՝ Հայաստանի մէջ»։

Այս առիթով, եղբ. Թերզեան դեսպանին մաղթեց Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ աշխատանք, յուսալով որ ան անպայման առիթը կը գտնէ Հայաստանի մէջ հանդիպելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներու եւ քոյրերու։

Յայտնենք, որ նորանշանակ դեսպանը հրաւիրած էր Ալմելոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Օննիկ Գելիճին։ Հանդիպումին ներկայ էին Նետերլանտներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Տիգրան Բալայեան, Նետերլանտներու Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի, Նետերլանտներու Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Հոլանտայի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներկայացուցիչները։

 

Տարածենք