ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ
Շաբաթ, 25 Յուլիսին մեկնարկած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական առցանց համագումարին աշխատանքները իրենց աւարտին հասան Շաբաթ, 8 Օգոստոսին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին, սկաուտականի ներկայացուցիչներուն եւ 54 խմբապետ-խմբապետուհիներու` միութեան 27 շրջաններէ եւ Իրանի «Արարատ», «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններէն։
Նիստին բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Մասնակցողները ողջունելէ ետք, քոյրը փոխանցեց փակման նիստի օրակարգին մանրամասնութիւնները։ Ան գնահատեց խմբապետներուն բծախնդիր եւ լուրջ մօտեցումը համագումարի աշխատանքներուն։ Ան ըսաւ, որ այս համագումարին ներկայացուած առաջարկները պիտի փոխանցուին Կեդրոնական Վարչութեան՝ առ ի քննութիւն եւ հաստատում։
Յայտնենք, որ 25 Յուլիսի բացման նիստէն ետք, համագումարին մասնակից խմբապետները բաժնուած էին աշխատանքային երեք խմբակի։ Խմբակները մինչեւ 8 Օգոստոս ունեցան իրենց առանձին նիստերը` քննարկելու իրենց վստահուած նիւթերը եւ այդ ուղղութեամբ իրենց առաջարկները ներկայացնելու փակման նիստին։ Խմբակներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն էին Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչները` քոյր Թալին Օրտողլեան (Ա. Խմբակ), եղբայրներ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան (Բ. Խմբակ) եւ Օշին Փիրումեան (Գ. Խմբակ)։
ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՄԲԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ
Փակման առցանց նիստին առաջին խմբակին կողմէ զեկուցումներ ներկայացուցին Գանատայէն եղբայր Արուշ Պէրպէրեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն քոյր Դալար Գալստեան։ Անոնք նշեցին, որ իրենց խմբակը քննած է սկաուտական «Արարատեան» կարգի ծրագիրին բովանդակութիւնը եւ անոր գործադրութեան եղանակն ու միջոցները։ «Վկայեալ» կարգի պարագային, խմբակը Կեդրոնական Վարչութենէն կը խնդրէ կազմակերպել դասընթացքներ այն շրջաններուն համար, որոնք կարելիութիւնն ու կարողութիւնը չունին այս կարգին ծրագիրը իրագործելու, որպէսզի իրենք եւս յառաջիկային «Արարատեան» կարգի թեկնածու խմբապետներ ունենան։ Պէրպէրեան եւ Գալստեան ապա ներկայացուցին խմբակին կողմէ բանաձեւուած առաջարկները։
Աշխատանքային երկրորդ խմբակին անունով խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն եղբայր Գէորգ Օհանեան։ Եղբայրը ըսաւ, որ իրենց խմբակը քննարկած է 2022-ի ամրան նախատեսուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ ընդհանուր բանակումին կապուած առաջարկներ։ Ան ըսաւ, որ խմբապետները քննած են նաեւ Բիւրականի բանակավայրին մէջ անհրաժեշտ նկատուող բարեփոխումները, որոնք կրնան նպաստել բանակումին յաջողութեան։ Ապա, եղբ. Գէորգեան ներկայացուց խմբակին բանաձեւած առաջարկները։
Երրորդ խմբակին անունով զեկուցեց Գանատայէն քոյր Սարին Քէօսէեան։ Ան ըսաւ, որ իրենց խմբակը քննարկած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան տեսլականը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային սկաուտական կառոյցին մէջ անոր դերակատարութիւնը։ Քոյրը ըսաւ, որ խմբակը անդրադարձած է նաեւ համաշխարհային ակաուտութիւնը յուզող հարցերուն, որոնք կ’առնչուին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Զեկոյցի աւարտին, Քէօսէեան ներկայացուց իր խմբակին առաջարկները։
Երեք խմբակներու զեկուցումներէն ետք, խմբապետներուն առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու եւ այլ առաջարկներու ներկայացման։
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐԸ
Այնուհետեւ, խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչներ՝ եղբայրներ Օշին Փիրումեան եւ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան։ Փիրումեան խմբապետներուն յորդորեց, որ ինչ որ այս համագումարէն ստացան՝ օգտագործեն եւ կիրարկեն իրենց շրջաններուն եւ մասնաճիւղերուն մէջ։ Փիրումեան աւելցուց, որ ինք մտահոգ չէ միութեան սկաուտական ապագայով, որովհետեւ գիտէ թէ ինչպիսի՛ խմբապետներ կ’առաջնորդեն զայն։ Եղբ. Գազանճեան, իր կարգին, խմբապետներուն ըսաւ, որ իրե՛նք են իրենց շրջաններու գերադաս խմբապետները եւ իրենց ուսերուն կ’իյնայ աշխատանքներու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը։ Իրենցմէ կախեալ է իրենց շրջաններու սկաուտական աշխատանքներուն յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը եւ այդ գիտակցութեամբ է, որ իրենք պէտք է տէրը ըլլան այդ պատասխանատուութեան։
Համագումարին խօսք առաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան արհեստագիտական բաժինի գործավար եղբայր Շանթ Տէմիրճեան, որ ներկայացուց խմբապետական նորաստեղծ առցանց ֆորումը եւ զայն օգտագործելու ձեւը։
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՓԱԿՄԱՆ ԽՕՍՔԸ
Համագումարին փակման նիստին Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբայր Վաչէ Նաճարեան։ Ան նախ գնահատեց մասնակից խմբապետները, որոնք երեք շաբթուան ընթացքին մասնակցեցան առցանց նիստերուն եւ քննարկեցին կարեւոր հարցեր։ Եղբ. Նաճարեան շեշտեց, որ խմբապետները պարտաւոր են նոյն մթնոլորտը, արծարծուած հարցերը, առաջարկներն ու լուծումները փոխանցել իրենցմէ ստորադաս աստիճանաւորներուն, որպէսզի անոնք եւս իրազեկ դառնան եւ օգտուին կատարուած աշխատանքէն։
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՄԱՐՄՆԻՆ ԽՕՍՔԸ
Աւարտին, քոյր Թալին Օրտողլեան ըսաւ, որ համագումարը այսօր կ’աւարտի, սակայն աշխատանքը հիմա՛ է որ կը սկսի, որովհետեւ եթէ վերջակէտը համագումարի փակումով ըլլայ` անոր արդիւնքները չենք քաղեր։ Իւրաքանչիւր մասնակցողի իսկական աշխատանքը փակումէն վերջն է, որ պիտի սկսի իր շրջանին մէջ, ուր ան ինքզինք պիտի արժեւորէ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունենայ։
Առցանց համագումարը աւարտեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։