ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ԱՐՄԷՆ ՍՄԲԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԿՈՒՄԲ
Երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան, Երուսաղէմի ակումբ այցելեց Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Սմբատեան, ընկերակցութեամբ պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեանի, Երուսաղէմի Պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամ Արսէն Առաքելեանի:
Ակումբին մէջ, հայրենի պատուիրակութիւնը ընդունեցին շրջանի Հ.Յ.Դ. մարմինի ներկայացուցիչ Սերոբ Սահակեան, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի եւ ՀՕՄ-ի վարչութիւններու անդամները:
Կ’արժէ նշել, որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով իր դեսպանատունը բացաւ Թել Աւիւի մէջ, եւ Իսրայէլ հաստատուելէ ետք՝ այս դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր Երուսաղէմ: