Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԸ
13-31 Յուլիս 2020-ին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին ամառնային ամէնօրեայ առաջին դպրոցը, որ նուիրուած էր գիտութեան եւ կ’ընդգրկէր դաստիարակչական զանազան ծրագիրներ՝ հայերէն լեզու, հայոց մշակոյթ եւ պատմութիւն, կրօնք, աշխարահագրութիւն, քիմիագիտութիւն, աստղաբաշխութիւն, ովկիանոսաբանութիւն, արուեստ, երաժշտութիւն եւ պար:
Ամառնային դպրոցին մասնակցեցան 45 երեխաներ, որոնք երեք շաբթուան ընթացքին մասնակցեցան դասախօսութիւններու, աշխատանոցներու եւ խմբային յատուկ ծրագիրներու: Գիտելիքներու փոխանացումը եղաւ հաճելի եւ արդիական ձեւով՝ ապահովելով երեխաներու առաւելագոյն մասնակցութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը:
Ամառնային դպրոցի աշխատանքներու ծիրէն ներս, մասնակիցները այցելեցին Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Վանքի եկեղեցիները, Էյն Եաէլ կենդանի թանգարանը եւ միասնբար նշեցին Վարդավառի տօնը:
Ամառնային դպրոցին նպատակն էր Քորոնայի համաճարակին ստեղծած սահամանափակ ժամանակաշրջանին սաղիմահայ երեխաները մէկտեղել ապահով շրջանակի մէջ, անոնց փոխանցել հայեցի դաստիարակութիւն, ստեղծելով անմոռանալի եւ ուրախ յիշատակներ։