ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան յանձնախումբը Կիրակի, 26 Յուլիս 2020-ին տեսաժողով մը գումարեց միութեան 20 շրջաններու տեղեկատուական արհեստագիտութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Տեսաժողովին արծարծուեցան Հ․Մ․Ը․Մ․ի ե-նամակներու միատեսակ հասցէներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, ընկերային ցանցերու կապուած աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ միութեան database-ին վերաբերող ծրագիրներ։