Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը Երեքշաբթի, 28 Յուլիսին, առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին, Շրջանային խմբապետներուն, մարզական յանձնախումբի եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ժողովին ընթացքին ներկայացուեցաւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղին կատարած աշխատանքը ներկայ իրավիճակին մէջ, գնահատուեցան սկաուտական թէ այլ ձեւի բոլոր աշխատանքները։ Արծարծուեցան միութենական բնականոն կեանքի վերադարձի բոլոր տուեալները եւ նախազգուշական միջոցները, մեր սկաուտներուն ու մարզիկներուն ապահովութիւնը դասելով ամէն բանէ վեր։