ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՔԻՆ ԿԱՆԳՆՈՂ ԶՕՐԱԿՑԱԳԻՐՆԵՐ

 

 Ի տես Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումին, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդը եւ Սուրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը եւ ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ բովանդակ լիբանանահայութեան:

Վերջին ամիսներուն լիբանանահայութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ շարք մը մարտահրաւէրներու՝ քաղաքական կեանքի անկայունութեան, տնտեսական ծանր տագնապի եւ Քորոնա ժահրի տարածման: Վերջին պայթումը իր տարողութեամբ աւելի ծանր վիճակի մատնեց լիբանանահայութիւնը, ցնցելով ամբողջ աշխարհը: Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղին, «Մարզիկ»ի խմբագրատունը, «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանը եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակը կրեցին նիւթական մեծ վնասներ: Սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ականի անկոտրում կամքը տկարութիւն չի ճանչնար: Առանձին չէք սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ: Մենք ձեր կողքին ենք: Միասնական ջանքերով կը յաղթահարէք ձեր առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւնները:

Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք պայթումին հետեւանքով զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն: Ուժ եւ կորով կը մաղթենք հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս առանցքային դեր ունեցող լիբանանահայութեան:

Դիմատետրի էջերէն ականատես եղանք Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կամաւոր աշխատանքներուն: Կամաւորներ, որոնք օգնութեան ձեռք երկարելով ժողովուրդի զաւակներուն եւ անոնց բնակարանները մաքրագործելով յոյս կը ներշնչեն եւ պայծառ օրերու աւետիսը կը սփռեն:

Ձեր վարձքը կատար նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, մնաք միշտ պատնէշի վրայ:

Արեւշատ եւ խաղաղ օրերու մաղթանքներով,

Ի դիմաց՝

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՍԿԱՈՒՏ. ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

 

4 Օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի նաւահանգիստին աղէտալի պայթումը ցնցեց Պէյրութ քաղաքը՝ պատճառ դառնալով 150-է աւելի մահերու եւ հազարաւոր վիրաւորներու:

Հայ ժողովուրդը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը ենթարկուեցաւ մեծ կորուստներու: Տուներ, ինքնաշարժներ եւ հաստատութիւններ կրեցին ծանր վնասներ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը կը ցաւակցի եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին ու լիբանանահայութեան, եւ կը դիմէ իր բոլոր անդամներու աջակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնել կալուածներու նորոգութեան եւ հայ գաղութի օժանդակութեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կ’ընէ զօրակցելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ առատաձեռն նուիրելով այս առաջադրութեան։

Լայն սրտերով զօրակցինք Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն:

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի մեծ ընտանիքը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանահայութեան եւ մեր բոլոր քոյր-եղբայրներուն, Պէյրութի ահաւոր պայթումին եւ անոր պատճառած վնասներուն համար։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ձեզ եւ ամբողջ լիբանանահայութեան՝ մաղթելով ուժ, կորով եւ խաղաղութիւն։

Նաեւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այս դժնդակ պայթումին հետեւանքով զոհուած նահատակներու ընտանիքներուն եւ կը մաղթենք վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում։

Պէյրութը շատ տաժանելի օրերէ անցած է, բայց իր երիտասարդութեան եւ ժողովուրդի ջանքերով կարողացած է այդ բոլորը յաղթահարել։ Դուք որպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասրդներ եւ սփիւռքահայութեան բոլոր գաղութներուն «կամաւոր բանակը» ըլլալով պիտի կարողանաք ձեր տարած յուսադրիչ եւ մարդասիրական աշխատանքով այս տագնապը յաղթահարել։

Մենք մեր աղօթքներով եւ նիւթաբարոյական աջակցութեամբ միշտ ձեր կողքին կանգնած ենք։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ

ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ի մեկուսի վարչութիւնը շրջանիս բոլոր անդամներուն կողմէ իր խորին ցաւակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին քոյրերուն եւ եղբայրներուն, մաղթելով ուժ եւ կորով՝ յաղթահարելու այս դժուարին ժամանակաշրջանը ։

ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-«ԱՐԱՐԱՏ»ի

ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը իր զօրակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքի քոյրերուն եւ եղբայրներոն, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի Մեկուսի մասնաճիւղը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Պէյրութի մէջ պատահած մեծ պայթումի հետեւանքով նահատակներու ընտանիքներուն եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանահայ գաղութին։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔՈՒԷՅԹԻ

ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

 

Տարածենք