ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը յառաջացուցած է յատուկ մարմին մը, որ կը հետեւի եւ կը հետապնդէ 4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու վնասուած բնակարաններու, վիրաւորներու եւ կամ զոհերու ցանկագրումը:

Այս գծով Շրջանային Վարչութիւնը առաջին իսկ օրէն արժեւորեց Շրջանային Վարչութեան կեդրոնէն ներս գտնուող բոլոր սենեակներու, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վնասները, կատարեց պէտք եղած նախնական մաքրութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներուն հետ այցելութիւններ տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու վնասուած ակումբները, գետնի վրայ ստուգելու համար աղէտին պատճառած վնասները:

Հարկ է յիշել, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտները առանց վարանումի եւ «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանին հաւատարիմ, շրջաններու Հ.Յ.Դ. մարմիններուն հետ գործակցելով եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու հովանաւորութեամբ, ներկայ էին ու օժանդակութեան ձեռք երկարեցին աղէտէն վնասուած հայահոծ շրջաններուն՝ բազմիցս մաքրութեան աշխատանքներու միանալով եւ կամ ուտեստեղէն բաժնելով: Իսկ Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի եւ խմբապետութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածինի տօնին առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտները բաժնեցին օրհնուած խաղողի ողկոյզներ, Մար Մըխայէլի, Ժեհթաուիի, Էշրէֆիէի եւ Պուրճ Համուտի հայորդիներու բնակարանները:

Հ.Մ.Ը.Մ. եղած է ու կը մնայ պատնէշի վրայ, ինչ որ ալ ըլլան պայմաններն ու տիրող կացութիւնը՝ փորձելով հասնիլ կարիքաւորներուն:

 

19.8.2020

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Տարածենք