Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՌԻԹԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՈՒԺԻ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ
Թղթակից
ՎԻԵՆՆԱ
17-19 Փետրուար 2017-ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի երիտասարդական առաջին հաւաքը, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մասնաճիւղին։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Պելճիքայէն, Յունաստանէն, Երուսաղէմէն եւ Հայաստանէն ժամանած 60 Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդներ: Կազմակերպիչ մասնաճիւղի վարչութեան կողքին, հաւաքին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ալէք Խաչատրեան։
ՆՊԱՏԱԿԸ
Հաւաքի կազմակերպման գաղափարը կը ծնէր միութեան 2015-ին վերամշակուած ընդհանուր ծրագիր-կանոնագիրէն եւ ռազմավարական ծրագրաւորումի առաջադրանքներէն, որոնք կարեւորութեամբ կ’անդրադառնան երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմաց կը բանան երիտասարդութիւնը համախմբելու եւ կազմակերպելու նոր հորիզոններ։ Հաւաքը կը նպատակադրէր նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով, մօտէն ծանօթանալ Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան եւ զայն յուզող ազգային, միութենական, ընկերային մերօրեայ հարցերուն ու մտահոգութիւններուն։
Արդարեւ, վերջին հնգամեակին, Եւրոպայի հայկական գաղութները կ’ապրին զգալի աշխուժութիւն մը Իրաքէն եւ Սուրիայէն ժամանած մեծաթիւ հայութեան շնորհիւ։ Օրէ օր կը յառաջանան նոր գաղութներ, կը հիմնուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղեր, որոնք կը ջանան ազգային միջավայր ու մթնոլորտ ստեղծել նորակազմ գաղութներու մէջ, ուր ձուլումի վտանգները մեծ են։
Հաւաքին նպատակներէն էր նաեւ զարկ տալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի կազմակերպական ցանցին եւ միութեան մարմիններուն ու յանձնախումբերուն մէջ ներգրաւել երիտասարդ նոր տարրեր, առ ի պատրաստութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ծրագիրներու իրականացման։
ԲԱՑՈՒՄԸ
Հաւաքը եռօրեայ իր աշխատանքներուն սկսաւ բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ 17 Փետրուարի երեկոյեան։ Բացման ողջոյնի խօսք փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։
Եղբ. Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ գնահատեց նման հաւաքի մը կազմակերպման գաղափարը եւ նշեց, որ համաեւրոպական այս հաւաքը ուշադրութեան արժանի երեւոյթ է, որովհետեւ այսօր Եւրոպայի մէջ հասակ կ’առնէ երիտասարդ նոր սերունդ մը, որ ծարաւը ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ին, կարիքը ունի տարին մէկ-երկու անգամ քով-քովի գալու, միասնաբար ընկերային հաճելի պահեր անցընելու եւ հայկականութեամբ լեցուելու։ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի բացակայութեան, մինչեւ օրս ուրիշներ կը փորձէին կատարել այդ մէկը՝ մնալով սակայն քաղաքի մը, շրջանակի մը, ընկերային մթնոլորտի մը սահմաններուն մէջ։ Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ այս աշխատանքը կը դրուի աւելի ամուր, աւելի կազմակերպ եւ աւելի լուրջ հիմերու վրայ, նպատակ ունենալով ընկերայինէն ու մարզականէն անդին՝ ազգայինը։ Ով որ լսած է, կամ գիտէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնն ալ այդ է արդէն. հաւաքել, համախմբել մեր ցիր ու ցան երիտասարդութիւնը եւ կարելի բոլոր միջոցներով անոր ջամբել հայութեան պատկանելիութեան զգացում, հայկականութեան դիմագիծ եւ ինքնութիւն», ըսաւ եղբ. Մկրտիչեան։
Ապա, հաւաքին կարեւորութեան մասին արտայայտուելով, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, որ կը դիմագրաւենք տեսակ-տեսակ դժուարութիւններ, որոնց դէմ դնելու մեր մեծագոյն զէնքը մեր ուժն է։ Այդ ուժը նիւթականը չէ։ Նիւթականը կարեւոր է, բայց անբաւարար է։ Այդ ուժը մեր ունեցած միջոցները չեն, որոնք այդքան ալ շատ չեն։ Այդ ուժը, մեր մարդուժն է, որ իր գաղափարներով, իր նորութիւններով ու իր աշխատանքով մեր կեանքը յառաջ պիտի տանի եւ օրէ օր աւելի պիտի զօրացնէ մեզ։
Շարունակելով, եղբ. Մկրտիչեան հաստատեց. «Թող այս հաւաքը մեկնակէտը ըլլայ Եւրոպայի հայութեան ուժի ստեղծման առաջին քայլին։ Գալիք օրերուն պիտի յաջորդեն նոր քայլեր, աւելի մեծ եւ աւելի ինքնավստահ քայլեր, որոնք Եւրոպայի մեր տղաքը պիտի համախմբեն համաեւրոպական Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու եւ բանակումներու շուրջ, երիտասարդական նման հաւաքներու շուրջ եւ նոր եռանդ ու խանդավառութիւն պիտի տան մեր կեանքին։
«Հաւատացէ՛ք, դուք շատ բան կրնաք ընել մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար։ Անհրաժեշտ է միայն կազմակերպուիլ, աւելի շատ քով-քովի ըլլալ եւ մեր ապրած քաղաքներուն եւ երկիրներուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խանդավառութիւն եւ ջերմութիւն տարածել», շեշտեց ան (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 4)։
Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Մկրտիչեան ներկայացուց անակնկալ մը, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրեց Վիեննայի մասնաճիւղի բազմավաստակ եղբայրներ Սամուէլ Նահապետեանը եւ Գրիգոր Հալլաճեանը։
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց ընթրիք-խրախճանք։
ԸՆԹԱՑՔԸ
Երիտասարդական հաւաքը 18 Փետրուարին ունեցաւ աշխատանքային չորս նիստեր։ Իւրաքանչիւր նիստին յատուկ զեկուցաբերներ ներկայացուցին նիւթ մը, որուն յաջորդեց զրոյց-քննարկում։
Նիստերը երկարեցան ամբողջ օրուան վրայ։ Երեկոյեան, անոնք եզրափակուեցան ընթրիքով։
«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԴԵՐԸ…»
Առաջին նիստին, հաւաքին մասնակիցները քննարկեցին «Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը Եւրոպայի երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մէջ. հայեցի դիմագիծ, առաջնահերթութիւններ, միութենական կեանք» նիւթը։ Զեկուցաբերներն էին քոյր Սեւան Նազարեան Ֆրանսայէն եւ եղբ. Վիգէն Գապաքեան Պելճիքայէն։
Զեկուցաբերները մանրամասնօրէն ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարման մէջ։ Անոնք օրինակներ նշեցին Եւրոպայի մէջ մեծցող սերունդներու դաստիարակութեան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ունեցած եւ ունենալիք դերակատարութեան մասին, վերլուծեցին Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած տագնապները, անդրադարձան անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յատկապէս կանգ առնելով լեզուական հարցի դժուարութեան վրայ։ Արդարեւ, այսօր մեծ թիւ կը ներկայացնեն հայերէնին չտիրապետող երիտասարդները, նաեւ՝ անոնք որոնք Միջին Արեւելեան գաղութներէն Եւրոպա նոր հաստատուած ըլլալով, տեղաբնակներու անծանօթ կամ յաճախ իրարմէ տարբեր հայերէն մը կը խօսին (Պոլսոյ հայերէն, Իրաքի հայերէն, Սուրիոյ հայերէն…)։
Զրոյցին մասնակիցները հաստատեցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ջերմ օճախ մըն է իրենց համար, ուր իրենք կը գտնեն հայեցի առողջ մթնոլորտ, հարազատութիւն եւ ազգային արժէքներու ծանօթանալու կարելիութիւն։ Անոնք առաջարկեցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ճիգ չխնայէ Եւրոպայի տարածքին ապրող բազմաշերտ ու բազմաճաշակ երիտասարդութեան կարիքները բաւարարելու, ո՛չ սկաուտ, ո՛չ մարզիկ երիտասարդներու ընկերային միջավայր ապահովելու եւ զանոնք ներգրաւող ծրագիրներ մշակելու համար։
Փափաք յայտնուեցաւ, որ Եւրոպայի տարածքին գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերը իրենց տեղական պայմաններուն համաձայն ընկերային ձեռնարկներ եւ միջ-մասնաճիւղային հաւաքներ կազմակերպեն, հայերէնի գործնական ու դիւրին դասընթացքներ հաստատեն եւ իրենց գործունէութեան մէջ որդեգրեն այնպիսի մօտեցումներ, որոնք 21-րդ դարու պահանջներուն համապատասխան ըլլան։
«Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԻԲՐԵՒ ԿԱՄՈՒՐՋ…»
Երկրորդ նիստին քննարկման նիւթն էր՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը իբրեւ կամուրջ Եւրոպայի երիտասարդութեան եւ Հայաստան-Արցախի միջեւ»։ Զեկուցաբերն էր քոյր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան Յունաստանէն։
Այս նիստին խօսուեցաւ, թէ Եւրոպայի մեր երիտասարդութիւնը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներէ եւ բանակումներէ անդին՝ ի՞նչպէս կրնայ շփման մէջ ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան հետ։ Կարծիքներ յայտնուեցան Երեւանէն դուրս, տարբեր մարզերու եւ սահմանային շրջաններու մէջ ընկերային բնոյթի ծրագիրներ իրականացնելու, երիտասարդական շրջապտոյտներ կազմակերպելու, հայոց բանակին զօրակցելու, հայ կնոջ եւ երիտասարդին դերակատարութիւնը ամրապնդող նախաձեռնութիւններու դիմելու եւ, ամէնէն կարեւորը, Հայաստան ապրող երիտասարդներու հետ մնայուն կապեր հաստատելու, հայրենաճանաչութեան մակարդակը բարձրացնելու, Հայաստանն ու Արցախը իբրեւ գործընկերներ եւ ոչ թէ նպաստընկալներ նկատի ունենալու համար։
«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ…»
Երրորդ նիստով քննարկուեցաւ «Եւրոպայի երիտասարդութեան դերը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, 21-րդ դարու պայմաններուն տակ» նիւթը։ Զեկուցումներ ներկայացուցին քոյր Անէթ Մոսկոֆեան Անգլիայէն եւ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան Աւստրիայէն։
Նիւթը ընդգրկեց Եւրոպայի երիտասարդութեան իրավիճակը ընդհանրապէս, իր դրական եւ բացասական կողմերով։ Նշուեցաւ, թէ երիտասարդութիւնը օրէ օր կը հեռանայ ազգային հաւաքական կեանքէ, սակայն երբ շօշափելի գործ եւ արդիական մօտեցումով նորութիւն մը ներկայացուի անոր, ան կ’ընդառաջէ։ Մասնակիցները շեշտեցին, որ մեր ընկերութիւններն ու միութիւնները պէտք է վստահին երիտասարդութեան եւ երբեք չթերագնահատեն անոնց կարողութիւնները։ Երիտասարդութիւնը ընելիք ունի իր գործով, գիտութեամբ, գիտակցութեամբ եւ ձեռքբերումներով իր շրջապատին վստահութիւնը շահելու համար։ Այս իմաստով առաջարկուեցան երիտասարդութեան ճամբով միութիւնը աւելի արդիական ձեւով ղեկավարելու մեթոտներ։ Ներկայացուեցան նաեւ միութեան մէջ երիտասարդութեան ներուժը, մասնագիտութիւնները եւ ժամանակակից փորձառութիւնները համակարգուած ձեւով օգտագործելու եղանակներ։
Մասնակիցները շեշտեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ երիտասարդութեան աւելի տեղ ու առիթ տալու անհրաժեշտութիւնը, երիտասարդութեան պատասխանատու գործեր վստահելու եւ հակազդողէ աւելի զայն նախաձեռնող ազդակի վերածելու հրամայականը։ Այս ուղղութեամբ օրինակներ տրուեցան, թէ տարբեր մասնաճիւղերու մէջ երիտասարդներ ինչպիսի՞ քայլերով կրնան նպաստել Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ համայն հայութեան վերելքին եւ յառաջդիմութեան։
«Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԵՒ ԱՐԴԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ»
Չորրորդ նիստը արծարծեց «Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Communication strategies and Social Media» նիւթը։ Զեկուցաբերներն էին եղբայրներ Յարութ Պաղամեան եւ Գօգօ Սահակեան Երուսաղէմէն։
Բոլորին սրտին խօսող այս նիւթը գիտականօրէն ներկայացուց, թէ ի՞նչպէս կարելի է արդի հաղորդակցութեան միջոցներն ու ընկերային ցանցերը օգտագործել Հ.Մ.Ը.Մ.ի յառաջդիմութեան եւ քարոզչութեան համար, հանրային կարծիք ստեղծելու եւ զանազան գաղութներու մէջ ապրող եւ մէկ ընտանիքի պատկանող միութեան անդամները իրարու աւելի կապելու համար։ Առարկայականօրէն մատնանշուեցաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը տակաւին շատ ընելիքներ ունի այս մարզին մէջ, հետեւաբար պէտք է դիմել աւելի լուրջ քայլերու։
Նոյն նիստին խօսուեցաւ նաեւ արդի հաղորդակցութեան միջոցներու սխալ ձեւով օգտագործման լուրջ հետեւանքներուն մասին։ Զգուշացում կատարուեցաւ, որ միութենական պատշաճութիւնները եւ ժողովական կարգերը պէտք է յարգել եւ այնտեղ քննարկուելիք նիւթերը ընկերային ցանցերով հանրութեան սեփականութիւնը չդարձնել։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաւաքին եզրափակիչ նիստը յատկացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ծրագիրներուն ներկայացման։ Տեղեկութիւններ փոխանցուեցան այն բոլոր ձեռնարկներուն մասին, որոնք Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ պիտի իրականացուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Խօսուեցաւ նաեւ Եւրոպայի մասնաճիւղերուն ունենալիք դերակատարութեան՝ այդ աշխատանքներու յաջողութեան եւ երիտասարդ շրջանակներու մասնակցութեան ապահովման մէջ։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երիտասարդական հաւաքին վերջին օրը, 19 Փետրուարին, մասնակիցները այցելեցին ազգային, պատմական եւ մշակութային մեծարժէք կարեւորութիւն ներկայացնող Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի կեդրոնատեղին, թանգարանը, գրադարանն ու արխիւատունը, ուր մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան կեդրոնի գանձերուն։ Անոնք այցելեցին նաեւ հայ ազգի մեծ բարեկամ, «Մուսա լերան քառասուն օրերը» գործի հեղինակ՝ Ֆրանց Վերֆելի յուշարձանը եւ երախտագիտութեան ծաղիկներ զետեղեցին անոր առջեւ:
ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաւաքի մասնակիցներուն ջերմութիւնը, գոհունակութիւնն ու դրական տպաւորութիւնները կարելի չէ թղթակցութեան մը սեղմ տողերուն մէջ պարփակել։ Իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող այս հաւաքը եկաւ հաստատելու, որ նման հաւաքներու ծարաւը ունի Եւրոպայի երիտասարդութիւնը: Հետեւաբար, այս եւ նմանօրինակ հաւաքները անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն են Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու, դաստիարակելու, նպատակաուղղուած աշխատանք տանելու, համագործակցութեան առիթներ ստեղծելու, դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ միութեան նպատակները իրականացնելու համար: