Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐ
22 Օգոստոսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի հիմնադրութեան առաջին տարեդարձին օրը, Ասկերանի շրջանի Պատարա բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական միօրեայ ծրագիր, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի խմբապետներ` եղբ. Նարեկ Հաննէեանի, քոյր Նելլի Ղազարեանի, Արցախի մեկուսի վարչութեան անդամներու եւ սկաուտներու։
Ծրագիրը ընդգրկեց սկաուտական արշաւ եւ խարուկահանդէս։ Կլիմայական աննպաստ պայմաններու պատճառով, յայտագիրը ենթարկուեցաւ որոշ փոփոխութիւններու եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը նշուեցաւ կարկանդակի հատման արարողութեամբ։ Սկաուտներ երեկոն աւարտեցին հետաքրքրական եւ ուրախ կանչերով։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ՇԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆԻ
Արցախ ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պատուիրակութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, նոյն օրը, Շուշիի մէջ այցելեցին հանրապետութեան ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սամուէլ Շահրամանեանին։
Այցելութեան ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը նախարար Շահրամանեանին ներկայացուց միութեան համահայկական կառոյցը, նպատակն ու գործունէութեան գլխաւոր մարզերը, նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին հիմնադրութեան պայմանները եւ զարգացման հեռանկարները։ Պատուիրակութիւնը հաստատեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին ամրապնդման գործին։
Իր կարգին, նախարար Շահրամանեան ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը եւ նշեց սկաուտական աշխատանքներու կարեւորութիւնը իր ղեկավարած նախարարութեան համար։ Ան իր բարեացակամ տրամադրութիւնը յայտնեց կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակելու մասնաճիւղի աշխատանքներուն եւ զայն համապատասխան գրասենեակով մը օժտելու ծրագիրին։
Այս առիթով որոշուեցաւ նախարար Շահրամանեանին ներկայացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին զարգացման ծրագիր մը, որ հանրապետութեան կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան հետ համադրուելով՝ հանրակրթական դպրոցներուն մէջ կը մեկնարկէ սկաուտական աշխատանքներու ծաւալումը։
Այցելութեան մասին խօսելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ Սանտրա Վարդանեան հաստատեց. «Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղը սերտ համագործակցութեան մէջ են: Խումբերու ձեւաւորման եւ աստիճանաւորներու դաստիարակութեամբ հիմնականօրէն կը զբաղին Հայաստանի կառոյցի խմբապետները եւ աստիճանաւորները: Այս պահուն ունինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ հաստատուած Արցախի մասնաճիւղի զարգացման ծրագիր, ինչ որ որոշակիօրէն պիտի իրականացուի Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութեան խմբապետերուն կողմէ, եւ վստահ ենք, որ յաջորդ տարի ձեզի հետ հանդիպումի ժամանակ պիտի զեկուցենք Արցախի մէջ բաւարար քանակով խմբապետներու եւ աստիճանաւորներու մասին, որոնք կարող եւ ի զօրու են պահելու Արցախի մեր սկաուտական գործունէութիւնը»:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԱՐԳԵԼՈՑ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ
18 Օգոստոս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի խումբ մը սկաուտներ այցելեցին պատմական Տիգրանակերտ քաղաք, ներկայ գտնուեցան արգելոցի վերաբացման արարողութեան, շրջեցան տեղւոյն թանգարանին մէջ եւ մասնակցեցան ֆլէշմոպի նկարահանման։
«ԱՐՑԱԽԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ» ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ Արցախի սկաուտները իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի «Արցախը Լիբանանին» դրամահաւաքին՝ «Մենք կը սիրենք քեզի, Պէյրո՛ւթ։ Միշտ ձեզի հետ ենք, միշտ ձեր կողքին» նշանաբանով։