ԵՂԲ. ՀՐԱՆԴ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՄԱՐԶԻԿԸ, ՄԱՐԶԻՉԸ ԵՒ ՄԱՐԴԸ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

Յուլիս 2020-ին, հողին յանձնեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ֆութպոլի խումբի մարզիկ եւ ապա մարզիչ եղբ. Հրանդ Վարդանեանը: Երկար տարիներ, եղբ. Հրանդը տիրական ներկայութիւն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ֆութպոլի ընտանիքէն ներս:

Շնորհիւ իր ազնիւ նկարագիրին եւ լաւ վերաբերմունքին, եղբ. Հրանդ արժանացած էր բոլորին սիրոյն եւ յարգանքին:

Իբրեւ մարզիկ, ան զանազանուեցաւ ո՛չ միայն իր լաւ խաղարկութեամբ, այլեւ՝ իր հանդարտ եւ մարզավայել վերաբերմունքով դաշտէն ներս:

Ֆութպոլի հետեւորդները լաւ գիտեն, որ պաշտպանողական դիրքի վրայ խաղացողները, յետսապահները, յաճախ կարծր խաղարկութեամբ կը փորձեն դիմագրաւել հակառակորդ խումբին յառաջապահները, կից տալով անոնց ոտքերուն, հրելով զանոնք եւ հակաօրինական ձեւերով կը փորձեն հեռու պահել իրենց դարպասէն, մանաւանդ լաւ խաղարկութեամբ զանազանուող մարզիկները:

Ինչպէս կ’ըսէր գաղութի հին սերունդի յայտնի դէմքերէն եղբ. Դանիէլ Դանիէլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին, խաղի ընթացքին է, որ անձի մը նկարագիրը ի յայտ կու գայ:

Եղբ. Հրանդը մաքուր էր նկարագիրով եւ այդ մէկը իր խաղարկութեամբ կը փաստէր: Երբեք իր կիցը հակառակորդ խումբի մարզիկին ոտքին չհասաւ, ո՛չ ալ հակաօրինական ձեւեր որդեգրեց՝ դիմագրաւելու համար հակառակորդ խումբերու մարզիկները:

Երբեք եւ ոեւէ իրաւարարի դիտողութեան չարժանացաւ ան: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ֆութպոլի խումբը անցեալին, քանի մը անգամ, արժանացաւ յունական մարզական պատասխանատու մարմիններու բարոյական բաժակին, որ ժամանակին կը տրուէր այն խումբին, որուն խաղացողներէն ոեւէ մէկը դիտողութեան կամ պատիժի չէր ենթարկուեր, անվայել խաղարկութեան պատճառով: Այդ բաժակներուն կարեւոր մէկ մասը կը պարտինք եղբ. Հրանդին, որ իբրեւ խումբի խմբապետ, իր կիրթ եւ հանդարտ խաղարկութեամբ, օրինակ կը ծառայէր իր խաղընկերներուն:

Իսկ իրաւարարի անիրաւ որոշումին համար, ան, իբրեւ խումբի խմբապետ, պատշաճ ձեւով կը յայտնէր իր դժգոհութիւնը: Եղբ. Հրանդ բնաւ չջղայնացաւ իր խաղընկերներու սխալներուն համար, չյանդիմանեց զանոնք, մանաւանդ՝ երիտասարդ եւ անփորձ խաղընկերները իր քաջալերանքին եւ գուրգուրանքին արժանացան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբին ապագան երաշխաւորելու համար, ան նախաձեռնեց պատանիներու խումբի մը կազմութեան, շաբաթական երկու անգամ, հին «Զաւարեան»ի բակէն ներս ստանձնելով խումբին մարզումը: Իբրեւ մեծ եղբայր, ան համբերութեամբ կը վարուէր պատանիներուն հետ, քաջալերելով զանոնք, նոյնիսկ անոնք, որոնք մարզական փայլուն կարողութիւններ չունէին: Ապագային, պատանի մարզիկներէն շատերը, իր տղաքը, մաս կազմեցին մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբին:

Եղբ. Հրանդ երբ տարիքի բերումով դադրեցաւ իբրեւ մարզիկ իր մասնակցութիւնը բերելէ խումբին, սիրայօժար ստանձնեց խումբին մարզիչի պաշտօնը:

Յունական իրականութեան մէջ «Փանաթինայիքոս» խումբի հետեւորդ էր ան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական շրջանակները զինք կ’անուանէին «Պոպէք», որ ծանօթ եուկոսլաւ մարզիչ մըն էր, եւ որուն օրով, քանի մը տարի «Փանաթինայիքոս» տիրացաւ Յունաստանի ախոյեանութեան:

Մեր գաղութային կեանքէն ներս, յաճախ կը պատահի, որ անձեր երկար տարիներու ծառայութենէ ետք տարօրինակ ձեւով յանկարծ կը դադրին իրենց մասնակցութիւնը բերելէ: Սխալ վերաբերումներ, անյաջող եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ, անիրաւ վերագրումներ՝ նոյնիսկ պատասխանատու անձերէ, հաւանաբար կրնան ըլլալ: Չենք բացառեր նաեւ անձնական եւ ընտանեկան հարցեր, որոնք կը ծագին: Տուժողը սակայն կ’ըլլայ գաղութը, որ կը զրկուի այլապէս կարող անձերու ծառայութենէն:

Յայտնի չեղաւ, թէ ի՞նչ պատճառով եղբ. Հրանդը վերջին տասնամեակներուն բոլորովին անհետացաւ մեր ազգային կեանքէն: Իր սիրտը չբացաւ ոեւէ մէկուն: Ընտանիք չկազմեց, մենակեաց ապրեցաւ, սակայն դաժան բախտը ծանր հարուած հասցուց իր ընտանեկան միջավայրին, երբ իր եղբայրը՝ Վարդանը եւ տիկինը՝ Հերմինէն ինքնաշարժի արկածի զոհ գացին:

Հրանդ, իր եղբօրը Կարպիսին հետ, հայրական գուրգուրանքով մեծցուց  վաղամեռիկ եղբօր երկու անչափահաս աղջիկ զաւակները:

Վերջերս, երբ իր ազգականներուն կը հարցնէինք եղբ. Հրանդին մասին՝ «լա՛ւ է» կ’ըլլար անոնց պատասխանը, ձեւով մը, որ կարծես հակառակը կը նշանակէր:

Եղբ. Հրանդին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Անոր դագաղը ծածկուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրները, գլխաւորութեամբ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան, եկած էին եղբայրական իրենց վերջին յարգանքը տալու իրենց երէց եղբօր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ եղբայր Հրանդ:

 

 

Տարածենք