Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՍԿԱՈՒՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու շրջանի գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլի պատասխանատուներու վերապատրաստութեան առցանց սեմինարը տեղի ունեցաւ 20-27 Յունիս 2020-ին, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին եւ առաջնորդութեամբ քոյր Դալար Քէշիշեանին: Առցանց սեմինարը պատրաստուած էր բոլոր մասնաճիւղերու խմբապետ-խմբապետուհիներուն եւ գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլի պատասխանատուներուն համար։ Սեմինարին մասնակցեցան 20 աստիճանաւոր պատասխանատուներ Պոսթընի, Շիքակոյի, Տիթրոյթի, Նիւ Ճըրզիի եւ Ուաշինկթընի մասնաճիւղերէն։

Սեմինարին մասնակիցները ձեռք բերին նոր գիտելիքներ եւ հմտութիւններ։ Պատասխանատուները խմբակներու բաժնուելով մշակեցին գրասենեկային եւ արտագրասենեկային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ տեղական բանակումներու ծրագիրներ, զորս ներկայացուցին ընդհանուր խումբին։ Անոնք փոխանակեցին կազմակերպչական իրենց փորձառութիւնը, նախկին բանակումներու ձեռքբերումներու եւ թերացումներու հիման վրայ։ Քննարկեցին իրենց մասնաճիւղերու հիմնական խնդիրները եւ տարբերակներ առաջարկելով գտան անոնց յարմար լուծումները։ Պատասխանատուները վերյիշեցին նաեւ խոստման արարողութեան օրինաւոր ձեւը, խօսեցան, յօդուածներու, տարիքային խումբերու բաժանման, մեծ կանչի եւ թոթեմի, կարգերու եւ աստիճաններու մասին, գտան գայլիկներուն ու մոկլիներուն բացատրելու պարզացուած ձեւեր։

Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ դասախօսութիւններ: Պոսթընէն Քոյր Թալին Սարեան դասախօսեց «Վարքագծային խնդիրներ» թեմայով, իսկ Տիթրոյթէն Հելէն Աթթարի դասախօսութեան թեման էր «Յարաբերութիւններ տարիքային տարբեր խումբերու եւ անոնց ծնողներուն հետ»։ Խումբը քննարկեց նաեւ «Երեխաներու ընկերային եւ զգացական զարգացումն ու առանձնայատկութիւնը՝ ըստ տարիքային խումբերու» հիմնահարցը։ Երկու յաջորդական Շաբաթ օրերու վեց ժամեայ տեւողութեամբ սեմինարը ունեցաւ ընդմիջումներ, որոնց ընթացքին պատասխանատուները խաղացին հաճելի մրցումներ եւ զրուցեցին զանազան նիւթերու շուրջ։

Սեմինարը ունեցաւ բարեյաջող ընթացք եւ աւարտ։

Տարածենք