ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆԻ
Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան այցելեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան՝ շնորհաւորելու Բաբգէն Արք. Չարեանը երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով:
Եղբ. Թոփուզեանը ընդունելով, Առաջնորդ Բաբգէն Արք. գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը, որ սկաուտական շարքերուն կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին: Ան դրուատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, որ միշտ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է համագործակցելու Ազգային Առաջնորդարանին հետ:
Իր կարգին, եղբ. Թոփուզեան Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորութիւնները եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան ու անկեղծ գործակցութեան բարեմաղթութիւնները՝ ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ պայծառացման եւ հայ նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան ամրապնդման։