ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
15 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան Շրջանային Վարչութեան գրասենեակին մէջ, խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանի հետ:
Ռէիսեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներով եւ երեսփոխանական նոր նստաշրջանի սեմին պատրաստակամութիւն յայտնեց սատար հանդիսանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքին նպաստող ծրագիրներու գործադրութեան:
Հանդիպումին արծարծուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ մասնաճիւղերը յուզող հարցեր եւ շինիչ առաջարկներ տրուեցան զարկ տալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական-մարզական կեանքին եւ շեփորախումբի գործունէութեան:
Հանդիպումի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան շնորհակալութիւն յայտնեցին երեսփոխան Ռէիսեանին, մաղթելով բարեյաջող գործունէութիւն եւ արդիւնաւէտ նստաշրջան: