Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Շանթ Ժամկոչեան
ՏԻԹՐՈՅԹ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Տիթրոյթի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրուան ժամը 1-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Լիլիան Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը։
Ներկայ էին օրուան պատուոյ նախագահներ՝ տէր եւ տիկին Հերման Խնդիրեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Տիթրոյթի «Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Ուրլեան, ՀՕՄ-ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամ Սիլվա Սաղըրեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներ եւ անդամներ։
Տօնակատարութեան նախորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ առ ի յարգանք Հ.Մ.Ը.Մ.ական ննջեցեալներու, Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժի զոհերուն եւ Փըրլ Հարպըրի ճակատամարտին ինկածներու յիշատակին։
Տօնակատարութեան ազդանշանը տուաւ մասնաճիւղի ատենապետ, օրուան հանդիսավար եղբ. Խաչիկ Գաւաֆեան։ Սրահ մուտք գործեցին մասնաճիւղին արի-արենոյշները, գայլիկ-արծուիկները՝ առաջնորդութեամբ Մ. Նահանգներու, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշներու։ Բեմին վրայ համախմբուելով, բոլորը միասին երգեցին Մ. Նահանգներու, Հայաստանի եւ սկաուտութեան քայլերգները, ապա քահանայ հօր ճաշի օրհնութեան աղօթքին մասնակցեցան սկաուտները։
Ճաշի դադարէն ետք, մասնաճիւղին վարչութեան խօսքը փոխանցեց եղբայր ատենապետը, հաստատելով որ երախտապարտ կը մնանք մեր մասնաճիւղի հիմնադիրներուն եւ Տիթրոյթի Հ.Յ.Դ.ի օրուան պատասխանատու մարմինին, որոնք 40 տարի առաջ ճամբայ հարթեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան։
Սկաուտները ներկայացուցին բուրգեր եւ իրենց կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին։
Օրուան պատգամաբերն էր մասնաճիւղի վաստակաւոր գործիչներէն եղբ. Արա Թէլպէլեան։ Ան ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Տիթրոյթի մասնաճիւղի անդամներն ու համակիրները եւ ըսաւ. «Այսօր տօն է Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, որովհետեւ սփիւռքեան օտար ափերուն ծնունդ առած մարմնակրթական շարժումը դիւրին աշխատանքի մը արդիւնքը չեղաւ։ Ան արդիւնք էր կարմիր ջարդով Սփիւռք դարձած, Սփիւռքով սպիտակ ջարդի ենթարկուած ժողովուրդի մը զաւակներուն զոհաբերութեան»։
Շարունակելով, եղբ. Թէլպէլեան հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Տիթրոյթի մասնաճիւղին 40-ամեակը նշել կը նշանակէ հարուստ անցեալով լեցուն պատմութիւն մը վերապրիլ մեր ներկային մէջ։ 40-ամեակ նշել նաեւ կը նշանակէ այս մասնաճիւղէն պահանջել յաւելեալ նուիրումով եւ աշխուժութեամբ հարուստ ապագայ մը։
Եղբ. Թէլպէլեանի պատգամէն ետք, մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնակատար քոյր Կարինէ Չէօփճեան ներկաներուն բացատրեց սկաուտական երդման արարողութեան եւ փոխանցման արարողութիւններուն իմաստը, որմէ ետք սկաուտները շարք կազմեցին իրենց խումբերով։ Նախ՝ գայլիկ-արծուիկները կատարեցին «Մեծ կանչը», իսկ աւարտին՝ իրենց կանոնագրային տարիքը ամբողջացուցած ինը գայլիկ-արծուիկներ կատարեցին իրենց երդումը եւ անցան սկաուտական եւ արենուշական շարքեր։ Ապա, իրենց դասընթացքները աւարտած արի-արենոյշները ստացան իրենց համապատասխան աստիճաններն ու հաստատագիրները։
Այս առիթով, վարչութիւնը պատուեց Տիթրոյթի մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամներ՝ եղբայրներ Մանուէլ Գարճեան, Ժագ Նշանեան, Գէորգ Պետիկեան, Հմայեակ Փալանճեան, Յարութիւն Մարկոսեան, Ռուբէն Ֆերմանեան, Սեդրակ Գայսէրեան, օրուան պատգամաբերն ու «Ազատամարտ» կոմիտէն։
Հիմնադիր վարչութեան անդամներէն եղբայր Հմայեակ Փալանճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան պատուոյ նախագահ Հերման Խնդիրեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. տասնամեակներէ ի վեր ունի ազնիւ, ազգանուէր, անսակարկ եւ անշահախնդիր ծառայութիւն նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին։ Միութիւնը միշտ հաւատարիմ կը մնայ «Առողջ միտքը՝ առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքին, ջանալով հետամուտ ըլլալ տեւաբար բարձրանալու եւ շուրջինները իր հետը բարձրացնելու սկզբունքին։
Խնդիրեան յայտնեց նաեւ, որ ազգանուէր եւ ազգօգուտ այս միութեան մասնաճիւղերը գործունեայ պահելը կը կարօտի հսկայական ծրագրումի եւ աշխատանքի, որուն համար միշտ պահանջը կայ անշահախնդիր ու նուիրեալ անձերու օժանդակութեան։ Բոլորին վարձքը կատար։ Պէտք է շնորհաւորել այս միութեան ետին կանգնող բոլոր նուիրեալները։
Խնդիրեանի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ 40-ամեակի կարկանդակի հատում։
Հուսկ, քահանայ հօր սրտի խօսքէն ու «Պահպանիչ»էն ետք, բոլորը միասին երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։