Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի Ա. ԿԱՐԳԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԸ ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

 

Երկար սպասումէն ետք, 28 Օգոստոսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրը հիւրընկալեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Ա. կարգի եռօրեայ սեմինարը, մասնակցութեամբ Հայաստանի զանազան մարզերէն եւ Մոսկուայէն աւելի քան 70 սկաուտներու։   

Հակահամաճարակային բոլորը պայմանները յարգելով, սեմինարը կատարուեցաւ 8-10 հոգինոց խմբակներով:

Սեմինարին ընթացքին սկաուտները ունկնդրեցին զանազան մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած դասախօսութիւններ, որոնք մեծապէս հարստացուցին գիտելիքներու իրենց պաշարը եւ քայլ մը աւելի մօտեցուցին «աշխարհը աւելի լաւ դարձնելու» նպատակին։

Հակառակ այն իրողութեան, որ սեմինարը կատարուեցաւ համաճարակի արտակարգ իրավիճակին մէջ, մասնակիցները Բիւրականէն հեռացան յաջող եւ իր նպատակին ծառայած դաստիարակչական հաւաքի մը մասնակցած ըլլալու գոհունակութեամբ։

 

Տարածենք