Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի Ա. ԿԱՐԳԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

 

28-30 Օգոստոս 2020, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի երեք սկաուտներ մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կողմէ կազմակերպուած Ա. կարգի սեմինարին, Բիւրական, Հայաստան։

Աստիճանաւորներու վերապատրաստութեան գործընթացէն անկախ, սեմինարը նուիրուեցաւ կազմակերպութեան կողմէ մշակուած երիտասարդական նոր ծրագիրներու իրագործման:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղին կողմէ սեմինարին մասնակցեցան եղբ. Հայկ Ներսէսեան, քոյրեր Նարէ Ներսէսեան եւ Սվետլանա Աւետիսեան:

 

Տարածենք