Ա. ԿԱՐԳԻ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետութեան նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսներուն տեղի ունեցաւ Ա. Կարգի առցանց սեմինար մը, որուն մասնակիցները իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի օր, 26 Օգոստոսէն սկսեալ, ստացան ազգային, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ սկաուտական զանազան նիւթեր, զորս ներկայացուցին հետեւեալ դասախօսները.-

Աւստրալիոյ Լ.Ղ.Հ. ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան, «Անդրանիկ» մասնաճիւղի նախկին խմբապետուհիներէն քոյր Հուրի Տէմիրճեան, «Արարատ» մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ եղբ. Կարպիս Փուշուճեան, Աւետիս Քհնյ. Համբարձումեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Տիրան Վահրատեան, «Անդրանիկ» մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ քոյր Թալին Գաճաքաճեան, «Անդրանիկ» մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ քոյր Ռոժիքա Չոփուրեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային նախկին խմբապետ եղբ. Արա Պոյաճեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ եղբ. Վրէժ Ագճեան։

Տարածենք