Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. Կ’ՕԺԱՆԴԱԿԷ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ 280 ԸՆՏԱՆԻՔԻ
Հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմի այս օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը պատնէշի վրայ է իր ուժերու ամբողջ կարողութեամբ։
Զինուորագրեալ սկաուտներ պատերազմի առաջնագիծին պատուով կը կատարեն իրենց ազգային պարտականութիւնը եւ ի հարկին իրենց արեան նուիրաբերումով մասնակից կը դառնան հայոց պատմութեան նորօրեայ հերոսապատումին արձանագրութեան։
Երեւանի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կեդրոնը վերածուած է մրջնանոցի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը, շնորհիւ նուիրատուներու, կ’ապահովէ պարէնային ապրանքներ եւ տաք հագուստներ։ Կամաւորներ զանոնք կը բաժնեն զանազան տուփերու եւ տոպրակներու մէջ, ապա կը բաշխեն Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 280 ընտանիքի։
Միաժամանակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. կը շարունակէ ընդունիլ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքներու զաւակները՝ կիրակնօրեայ իր հաւաքներուն զբաղեցնելով զանոնք ընկերային-դաստիարակչական խաղերով։