Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԷՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

Թղթակից
ՊԷՅՐՈՒԹ

Իբրեւ 2023-ի համաշխարհային սկաուտական ճամպորիի հիւրընկալման թեկնածու երկու երկիրներէն մէկը, վերջերս, Հարաւային Քորէա հրաւէներ յղեց աշխարհի տարբեր երկիրներու սկաուտական ֆետերասիոններուն՝ իր երկիրն ու սկաուտական շարժումը անոնց ծանօթացնելու նպատակով (երկրորդ թեկնածուն Լեհաստանն է)։
Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը հրաւէրին ընդառաջելով, եռանդամ պատուիրակութեամբ մը ներկայացաւ Հարաւային Քորէա եւ մասնակցեցաւ այս առիթով կազմակերպուած խմբապետական յատուկ համագումարին։ Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմի անդամ, արծուիկ ճիւղի խմբապետուհի քոյր Աննա Քէօմպէճեան:
Համագումարին ներկայ գտնուեցան 22 մասնակիցներ՝ ներկայացնելով 16 երկիրներ: Համագումարին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 1 Ապրիլին։ Մասնակիցները ներկայացուցին իրենց երկիրներն ու սկաուտական միութիւնները։ Քոյր Աննա Քէօմպէճեան Լիբանանի կողքին ներկայացուց Հայաստանն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Հարաւային Քորէայի սկաուտական շարժումը, իր կարգին, ներկայացուց ճամպորիին համար իր առաջադրած նշանաբանը՝ «color of dream»:
Երկրորդ օրը, ներկաները մեկնեցան SaeManGeum շրջանը, որ նախատեսուած է իբրեւ ճամպորիի վայր: Մասնակիցները հոն ծանօթացան տեղւոյն պատմութեան, բնութեան, շրջանին մէջ գտնուող աշխարհագրական եւ գիտական թանգարաններուն եւ բանակումին ընթացքին նախատեսուած սկաուտական եւ արկածախնդրական յայտագիրներուն:
Ապա, մասնակիցները ուղղուեցան Jeonju, ուր տեղի ունեցաւ «Color of dream»-ի աշխատանքային նիստը: Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան բանակումը լաւագոյն ձեւով ծրագրելու համար կարգ մը առաջարկներ: Երեկոյեան, մասնակիցները առիթը ունեցան պտըտելու Jeonju շրջանը։ Անոնք ծանօթացան Հարաւային Քորէայի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն:
Երրորդ օրը տեղի ունեցան զանազան այցելութիւններ, սկսելով world scout parliamentarian union national assembly-էն, ուր մասնակիցները հանդիպեցան կառավարական ներկայացուցիչին։ Ապա, անոնք այցելեցին Korean scout association-ի National training center-ը:
Նոյն օրը, երեկոյեան, տեղի ունեցաւ համագումարին պաշտօնական փակման արարողութիւնը: Աւանդական սովորութեան համաձայն, նման առիթներու խօսք կ’առնեն մասնակիցներէն երիցագոյնն ու կրտսերագոյնը: Համագումարին կրտսերագոյն խմբապետը Լիբանանի պատուիրակութեան անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյր Աննան էր, որ արտասանեց համագումարի մասնակցութեան փորձառութենէն թելադրուած խօսք մը, Հարաւային Քորէային յաջողութիւն մաղթելով համաշխարհային սկաուտական ճամպորիի աշխատանքներուն մէջ: Իր խօսքին եւ մասնակցութեան համար, քոյրը արժանացաւ յատուկ գնահատանքի:

Տարածենք