Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՆԻՒԹՈՎ

 

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը առցանց հանդիպում մը կատարեց Արցախի նիւթով։

Հանդիպումին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան զեկուցեց Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան հետ կատարած առցանց հանդիպումին մասին, նշելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը այս օրերուն լծուած է Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 280 ընտանիքի օժանդակութեան գործին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. կիրակնօրեայ իր հաւաքներով արցախցի բազմատասնեակ մանուկներու կը փոխանցէ նաեւ ընկերային-դաստիակչական ծրագիրներ։

Օրակարգի քննարկման անցնելէ առաջ, հանդիպումին մասնակիցները ոգեկոչեցին յիշատակը Արցախի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն հերոսաբար նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչական եղբայրներէն Գէորգ Հաճեանի, սկաուտներ Գրիգոր Ղազարեանի եւ Էրիկ Գալստեանի։ Անոնք իրենց գնահատանքը յայտնեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան, որ հայութեան եւ Հայաստանին համար այս դժուարին օրերուն, հաւատարիմ իր առաքելութեան, կը կատարէ երախտաշատ գործ։

Այնուհետեւ, ժողովականները քննարկեցին Արցախի պատերազմին լոյսին տակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարահատարած մասնաճիւղերուն կատարած եւ յառաջիկային կատարելիք քարոզչական, դաստիարակչական եւ ցուցական աշխատանքները։ Ճշդուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի օժանդակութեան գործնական ձեւեր։

Աւարտին, որոշուեցաւ առցանց հանդիպումին որոշումները յառաջիկայ Շաբաթ, 31 Հոկտեմբերին ներկայացնել միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու ատենապետներու առցանց հանդիպումին։

Տարածենք