Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿ»Ը Ի ՍՊԱՍ ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՌԻՒԻՆ

 

 

Արցախի ճակատներուն վրայ հայկական բանակին եւ կամաւորական ջոկատներուն կողմէ մղուող հերոսական կռիւներուն կողքին, 27 Սեպտեմբերէն ի վեր տեսակաւոր կռիւներ կը մղուին թիկունքը, հայկական «կամաւորական բանակ»-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ցամաքամասէ-ցամաքամաս, երկիրէ-երկիր եւ քաղաքէ-քաղաք, հոն ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական միաւորներ կան, այնտեղ քարոզչական-ցուցական, դաստիարակչական-տեղեկատուական կռիւներու կը մասնակցին բազմահազար կամաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, իրենց վարչական կազմերով, անդամներով, սկաուտ-մարզիկներով եւ համակիրներու լայն շրջանակով։

Այս հաստատումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով, Շաբաթ, 31 Հոկտեմբերին, միութեան համահայկական կառոյցը ներկայացնող ատենապետներու առցանց ժողովը, մասնակցութեամբ 26 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու ատենապետներու, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ Կեդրոնական Վարչութեան յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու։

Ժողովին բացումը կատարելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Արցախի պատերազմին նահատակուած չորս անձնազոհ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու՝ եղբայրներ Գէորգ Հաճեանի, Գրիգոր Ղազարեանի, Արիկ Գալստեանի եւ Արտակ Մարտիրոսեանի անմեռ յիշատակը։ Ապա, ան ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմական այս պահուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային-միութենական պարտաւորութիւնները՝ հանդէպ հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը կատարեց գործնական շարք մը թելադրանքներ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին միութեան շարքերը ամբողջական զօրաշարժի մատնելու եւ համահայկական մեր կռիւին ի սպաս դնելու համար։

Յատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան, ներկայացնելով պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ օրս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մասնաճիւղերուն կատարած աշխատանքները՝ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած 500 ընտանիքի սննդեղէնի, տնտեսական ապրանքներու եւ տաք հագուստներու օժանդակութիւն, նաեւ՝ Արցախէն Հայաստան ապաստանած 175 պատանիներու (6-16 տարեկան) ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներու կիրարկում։ Վարդանեան նշեց, որ այսօր մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ կը ծառայեն հայկական բանակին եւ ի հարկին չեն զլանար իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերելու յանուն հայ հողին եւ հայ կեանքին, հաւատարիմ՝ միութենական իրենց դաստիարակութեան եւ ազգային մեր գերագոյն նպատակներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետին խօսքէն ետք, յաջորդաբար կարճ զեկուցումներ ներկայացուցին միութեան 25 շրջաններու ատենապետները, որոնք ընդհանուր գիծերով շեշտեցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակը» այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, ոգի ի բռին մասնակից է մեր ժողովուրդի համահայկական կռիւին, իր աշխատանքները համադրելով հայկական դեսպանատուներուն, Հայ Դատի մարմիններուն եւ հայկական համայնքներու պատասխանատու կառոյցներուն հետ։ Հ.Մ.Ը.Մ. ներկայ է գետնի վրայ կազմակերպուած բողոքի ելոյթներուն (ընդդէմ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանատուներուն), ներկայ է ընկերային ցանցերուն մէջ (դաստիարակչական, քարոզչական եւ տեղեկատուական լայն արշաւներով)։ Ներկայ է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան ծրագիրներով («Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»-ի ի նպաստ դրամահաւաքներով, Արցախի ու Հայաստանի կարիքներուն համար կատարուած հանգանակութիւններով եւ զանազան տեսակի ապրանքներու հաւաքման ու առաքման աշխատանքներով)։ Հ.Մ.Ը.Մ. ներկայ է հո՛ն, ուր ազգային պարտականութեան թելադրանք կայ, հայրենիքի ու հայութեան օգնութեան կանչ կայ՝ Սիտնիէն մինչեւ Մոսկուա, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, Մարսէյ, Միւնիխ, Սթոքհոլմ, Աթէնք, Հալէպ ու Պէյրութ։

Զեկուցումներու աւարտէն ետք, առցանց ժողովի վերջին բաժինով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտարարեց, որ առ ի զօրակցութիւն հայկական բանակին՝ աշխարհով մէկ միութիւնը կը ձեռնարկէ հայ զինուորներու հասցէագրուած նամակարշաւի մը։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. 102-ամեակի այս տարուան տօնակատարութիւնները Նոյեմբեր 15-ին կը յատկացնէ Արցախի համար զոհուած հայութեան նահատակներուն ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին ու նոր անմահ հերոսներուն յատկապէս։

Իբրեւ գործնական աջակցութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կատարած ժողովրդանուէր աշխատանքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտարարեց 10 հազար ամերիկեան տոլարի յատկացում՝ Հայաստանի միաւորին։ Ան աւելցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուիրատու մը իր կարգին 10 հազար տոլարով կ’աջակցի գաղթականներու եւ արցախցի պատանիներու յատուկ ծրագիրներուն։ Նուիրատուութիւններու խոստումներ կատարեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմաթիւ շրջաններ, վերահաստատելով օրհասական այս օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ճամբով հայութեան եւ անոր յաղթական կռիւին տէր կանգնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրենց յանձնառութիւնը եւ համահայկական կամքն ու վճռակամութիւնը։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք