ԳՈՐԾԸ ԱՆՄԱՀ, ԻՆՔԸ՝ ՅԱՒԵՐԺ ԿԵՆԴԱՆԻ

 

Սգակիր Դերիկլեան ընտանիք,
Երեւան,

Եղբայր Հայկ Դերիկլեանի նահատակութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքը կորսնցուց առաքինի սկաուտ մը, որ հպարտութեամբ, յոյսով եւ հաւատքով ամէնէն թանկագինը՝ մատաղ կեանքը զոհաբերեց հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի գոյութեան պահպանման ի խնդիր։

Հայ ժողովուրդի հերոսական պատմութիւնը ոսկէ տառերով պիտի արձանագրէ եղբայր Հայկին անունը եւ ան պիտի դառնայ մեր եւ հետագայ սերունդներու փառքի եւ նուիրումի լաւագոյն օրինակը։

Համեստ, քաջ ու խիզախ եղբայր Հայկը իր անձնազոհութեամբ գնաց միանալու Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի անմահ եղբայրներու փաղանգին՝ Վարդան Բախշեանին եւ Վաչէ Ռոստոմեանին, Գրիգոր Ղազարեանին եւ Արիկ Գալստեանին։ Յանուն իր թափած արեան մենք իրաւունք չունինք պարտուելու, ընկրկելու եւ մեր յաղթանակին կասկածելու։

Յաւե՜րժ փառք ու պատիւ իր սխրանքին։ Իր գործը կը մնայ անմահ, իսկ ինք՝ յաւերժ կենդանի մեր բոլորին սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։

Մեր խոնարհումը սիրելի եղբայր Հայկի անմեռ յիշատակին։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Տարածենք