ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ՄԵԿՆԵՑԱՒ, ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՅԱՒԵՐԺԱՑԱՒ
(Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ցաւակցագիրը՝ նահատակ սկաուտ եղբ. Արմէն Առուստամեանի ընտանիքին)
Հայրենիքը փնտռելու համար այս օրերուն պէտք է երթալ Եռաբլուր, ուր կը հանգչին մեր ազգի «լաւագոյն տղերքը», որոնց շարքին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մեր արի ու պարտաճանաչ սկաուտ եղբ. Արմէն Առուստամեանը։ Եղբայր մը, որ իր դաւանած երդումը՝ «Ծառայել հայրենիքիս», սեփական կեանքի գնով ի գործ դրաւ ռազմի դաշտին վրայ։
Եղբ. Արմէն պարտութիւն չճանչցաւ։ Ան մեկնեցաւ յաղթանակած։ Յաւերժացաւ յանուն ազգի եւ հայրենիքի։
Սկաուտ եղբայրներէն սիրուած, ընկերասէր ու խոնարհ եղբ. Արմէն իր անունը ոսկէ տառերով արձանագրեց Արցախեան նորագոյն պատերազմի էջերուն, իբրեւ փառքի եւ նուիրումի օրինակ։
Մեր ցաւը սահման չունի իր նահատակութեամբ, բայց նաեւ անսահման է մեր հպարտութիւնը եղբ. Արմէնին նման հերոս մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին մէջ ունեցած ըլլալուն համար։ Համեստ ու հայրենասէր լուսաւոր երիտասարդ մը, որ մինչեւ վերջ պայքարեցաւ իր ժողովուրդին խաղաղ երկինք պարգեւելու համար, բայց ինք դարձաւ երկինքի արքայութեան մէկ մասնիկ։
Եղբ. Արմէնին անունը պիտի մնայ միշտ անմահ, իսկ յիշատակը՝ անմոռաց իր հարազատներուն եւ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն մօտ։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ