ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

 

 

Հայրենիքի պաշտպանութեան զոհասեղանին ընծայաբերուած հերոսներու շարքին իր անունը արժանաւորապէս արձանագրեց եղբ. Արտակ Իշխանեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամն ու անոր եռանդուն նուիրեալը։

Խիզախ, խրոխտ ու անբասիր եղբ. Արտակը ազգային-միութենական մեր արժեհամակարգին եւ արժանապատուութեան հաւատարիմ՝ մայր հողին համար տուաւ իր ամէնէն թանկագինը, ապացուցելով որ միայն հայրենասիրութեամբ կարելի է սերունդներու հայրենիք պահել եւ դարաւոր ժողովուրդի մը գոյութիւնը երաշխաւորել։

Եղբ. Արտակ եղաւ հարազատ արտայայտիչը իր ժողովուրդի գոյատեւման կամքին եւ առանց զիջելու զարգանալու վճռականութեան։ Ան մերժեց իր երկրին ու անոր արեւուն տակ թշնամիին ներկայութիւնը եւ հրաժեշտ տուաւ կանուխ՝ սեփական արեամբ սրբացնելէ ետք իր պաշտած հայրենի հողը։

Եղբայր Արտակը մենք միշտ պիտի յիշենք իր անտրտունջ եւ անկոտրում նկարագիրով, ջանասէր եւ առաքինի վարք ու բարքով։

Խորին խոնարհում եւ խնկարկում նահատակ հերոսի Սուրբ յիշատակին առջեւ։ Փա՜ռք իր վեհութեան, փա՜ռք ու պարծանք իր ընտրած Անմահութեան երթին։

 

Տարածենք