ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՐՏԱՍՈՒԵԼ, ՊԷՏՔ Է ԵՐԳԵԼ ԱՆՈՆՑ ՀԵՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄԸ

 

Հալէպ ծնան, Շուշի մարտնչեցան եւ իրենց վերջին հանգիստը Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ գտան։

Հայութեան համահայկական կռիւին երեք նահատակներն են անոնք՝ եղբայրներ Յակոբ Աստարճեանը, Մոսիկ Սեքլեմեանը եւ Յարութ Բանոյեանը։ Երեք քաջարի մասնակիցներ հալէպահայութեան պաշտպանութեան գործին եւ երեք նուիրեալ անձնազոհներ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։

Երեք եղբայր, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ու գաղափարական երեք աննման տղաք, որոնք ծնան ու մեծցան հայրենիքէն դուրս, հայրենիքի կարօտով, մինչեւ վերջ՝ մահուան գնով հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրենց դաստիարակութեամբ եւ գաղափարական իրենց պատրաստութեամբ երեքն ալ խիզախ էին, խրոխտ ու խոնարհ, իբրեւ հարազատ շառաւիղներ անվեհեր Դրոներու, երկաթեայ կամքով Դումաններու եւ ազատասէր Հրաչ Փափազեաններու։ 

Յակոբ, Մոսիկ, Յարութ՝ երեք Հ.Մ.Ը.Մ.ական, մէկ ճակատագիր. Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մատոյցներուն հերոսական նահատակութիւն, անարգ ոսոխի դէմ քաջարի դիմադրութենէ ետք։

Փա՜ռք իրենց։ Անոնք իրենց արեամբ կ’ապրեցնեն մեզ, ու իրենց ընտանիքներուն պատկանելէ աւելի, այլեւս կը պատկանին ազգին ու յաւերժութեան։ Ունին մէկ անուանում. հերոսնե՛ր են, հայութեան նորօրեայ պատմութիւնը կերտող Հ.Մ.Ը.Մ.ական անմահնե՛ր։

Իսկ անմահները ցաւ ու սուգ չեն ակնկալեր մեզմէ։ Ողբ ու կոծ չեն սպասեր։ Պէտք չէ արտասուել անոնց Սուրբ նահատակութեան համար, պէտք է երգել անոնց հերոսապատումը եւ անոնց ազգային-գաղափարական ժառանգով հարստացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ական գալիք սերունդները։

Նման հերոսներ ծնած ժողովուրդ մը դարեր ամբողջ ապրած է ու տակաւին դարեր շարունակ կ’ապրի, ապրեցնելու համար զանոնք։

Նման հերոսներ ունեցող ժողովուրդ մը ո՛չ մէկ դժուարութեան դիմաց ծունկի կու գայ, որովհետեւ նման հերոսները կ’իյնան, բայց չե՛ն մեռնիր, այլ կ’ապրին երկրորդ կեանքով մը, որ կը կոչուի Անմահութիւն։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք